Հայաստան Արեան Պետական Պաշարներ Պիտի Ունենայ

Հայաստան

Հայաստանի մէջ արեան բաղադրամասերու պետական պաշարներ պիտի տեղծուին, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան աշխատակազմի եւ «Փրոֆէսոր Ռ.Օ.Եոլեանի անուան արիւնաբանական կենտրոն»-ի աշխատակիցները մշակած են «Արեան բաղադրամասերու պետական պաշարներու ստեղծման, պահպանման եւ նորացման կարգը հաստատելու մասին» նախագիծը:

Ներկայացուող նախագիծով կ՛առաջարկուի կարգաւորել արեան բաղադրամասերու պետական պաշարներու պահպանման եւ նորացման հետ կապուած հարցերը: Պիտի սահմանուին, թէ իր մէջ ինչ կը ներառէ արեան բաղադրամասերու պետական պաշարները, ինչ պայմաններու մէջ կը պահպանուին եւ ինչ ժամկէտներու մէջ պիտի նորոգուին:

«Հայաստանի Հանրապետութեան 2019 թուականի պետական ամավարկի մասին» ՀՀ օրէնքի «Առողջապահութիւն» բաժինի «Հանրային առողջութեան պահպանում» ծրագրի ծիրէն ներս «Արեան հաւաքագրման ծառայութիւններ» միջոցառումներուն համար արդէն իսկ նախատեսուած է 252.9 միլիոն դրամ: