Քիեւի ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ «Ուքրանիա-Հայաստան. Պատմութիւն, Մշակոյթ, Զբօսաշրջութիւն» Խորագիրով Համաժողովը

Սփիւռք

Ապրիլ 15-ին Քիեւի մէջ տեղի ունեցած է «Ուքրանիա-Հայաստան` պատմութիւն, մշակոյթ, զբօսաշրջութիւն» խորագիրով միջազգային գիտագործնական համաժողովը` նուիրուած Սերգէյ Փարաջանովի 95-ամեակին:

Ինչպէս կը յայտնէ AnalitikaUA.net-ը, ձեռնարկը նախաձեռնած էին Քիեւի Տարաս Շեւչենկոյի անուան ազգային համալսարանը, Ուքրանիոյ հայերու միութիւնը, ԿԱՀ երկրագիտութեան եւ զբօսաշրջութեան ամպիոնը, Ուքրանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը եւ Սփիւռքի հետազօտութիւններու հիմնարկը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս  եկած են Տարաս Շեւչենկոյի անուան ազգային համալսարանի ղեկավարի միջազգային կապերու գիծով տեղակալ Փեոթր Պեխը, Ուքրանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սէյրանեանը, Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ առաջին դեսպան Ալեքսանտր Պոժկոն, պատմամշակութային կոմիտէի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեանը, ԿԱՀ ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ, գիտական գործիչներ եւ այլ պատուաւոր հիւրեր:

Մասնակիցները քննարկած են կարեւոր պատմամշակութային հարցեր, որոնք վերաբերած են հայկական մշակութային ժառանգութեան արդիականացման, հայ-ուքրանական յարաբերութիւններու ամրապնդման: Առաջարկուած է ստեղծել Ուքրանիոյ հայերու մասին հանրագիտարան, քննարկուած է երկու երկիրներու միջեւ զբօսաշրջութեան զարգացման հարցը:

Ողջոյնի խօսքին մէջ Տիգրան Սէյրանեան նշած է, որ Ուքրանիոյ հայերը, Հայաստան ապրող ուքրանացիները կապող օղակ են երկու պետութիւններու, երկու ժողովուրդներու միջեւ: «Անոնց, համայնքային կազմակերպութիւններու, մասնաւորապէս` Ուքրանիոյ հայերու միութեան դերը դժուար է գերագնահատել»,- ըսած է դեսպանը:

Ինչպէս յայտնի է, Ուքրանիոյ հայերու միութիւնը աշխոյժ աշխատանք կը տանի ազգային պատմական արժէքներու հանրահռչակման ուղղութեամբ: Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլէն Շատուորեանի խօսքով` գիտութիւնը աւանդաբար իրենց կազմակերպութեան ուշադրութեան կեդրոնին մէջ է: