Նիկոլ Փաշինեան Պիտի Հանդիպի Ֆրանսայի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 14-ին պիտի այցելէ Ֆրանսա:
Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրես»-ին՝ ըսած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:
«Յառաջիկայ ուրբաթ օրը Փաշինեան պիտի ըլլայ Փարիզ»,- ըսած է ան:
Սեպտեմբեր 14-ին Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, պիտի քննարկուին Հայաստանի ներքաղաքական իրադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ համայնքին առնչուող հարցեր: