Սուրիոյ եւ Հայաստանի Մէջ Երաժշտական Ոլորտին Առնչուող Փոխըմբռնումի Յուշագիր Ստորագրուեցաւ

Աշխարհ, Հայաստան

Սուրիոյ Երաժշտական Բարձրագոյն Հիմնարկին եւ Հայաստանի «Կոմիտաս»-ի անուան Երաժշտական Պետական Հիշնարկին միջեւ ստորագրուեցաւ փոխըմբռնումի յուշագիր։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»-ը։

Երեւանի երաժշտական նշեալ հիմնարկէն ներս տեղի ունեցած սոյն հանդիպումին ընթացքին, հիմնարկի տնօրէն Սոնիա Յովհաննէսեան շեշտեց նման պայմանագիրի կարեւորութիւնը, յայտնելով հիմնարկին պատրաստակամութիւնը՝ շարունակական գործակցութիւն ունենալու Սուրիոյ Երաժշտական Բարձրագոյն Հիմնարկին հետ՝ աշակերտներու եւ սեմինարներու փոխանակումով, դասախօսութիւններու եւ համաժողովներու կազմակերպումով եւ այլն։

Սուրիական կողմէն ստորագրման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ երաժշտական բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէն Ատնան Ֆաթհալլա, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեան, դեսպանութեան երրորդ գործավար Ահմէտ Ազպէ եւ «Ասատ» մշակոյթի եւ արուեստի տան տնօրէն, սուրիական սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեան։

Հայաստանեան կողմէն ներկայ էին Հիմնարկի տնօրէնին ուսումնասիրական հարցերու փոխանորդ Արամ Յովհաննէսեան, գիտական հարցերու փոխանորդ Ծովինար Մովսէսեան, տնօրէնի օգնական Շուշանիկ Միհրապեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու տնօրէն Շահին Շահինեան։