Առանց Հանրաքուէի ՀՀ Ինքնիշխան Իրաւազօրութեան Ներքոյ Գտնուող Որեւէ Տարածքի Փոփոխութիւն Պետութեան Անվտանգութեան Դէմ Ուղղուած Ծանր Յանցագործութիւն է․ Յայտարարութիւն

Հայաստան

Հայաստանի գործող իշխանութիւնը` Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ` յայտարարած է պետականավնաս եւ քրէօրէն պատժելի հերթական գործընթացի մասին, որմով Տաւուշի մարզէն տարածքներ պիտի յանձնուինւ ազրպէյճանին:

Աջակցութիւն յայտնելով միակողմանի զիջումներու օրակարգին դէմ Տաւուշի մէջ ձեւաւորուող ժողովրդային հակազդեցութեան՝ կ՝արձանագրենք.

1. ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի ղեկավարած սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովը, ըստ իր ստեղծման իրաւական հիմքին խորհրդակցական մարմին է, չունի որեւէ լիազօրութիւն համաձայնութիւն տալու կամ որոշում կայացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան իրաւազօրութեան ներքոյ գտնուող որեւէ տարածք այլ պետութեան փոխանցելու կամ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանի գիծը որոշելու հարցով: Հակառակը լիազօրութիւններու չարաշահում է եւ քրէօրէն պատժելի արարք.

2. Տաւուշի մարզէն սահմանազատման եւ անոր հիման վրայ փաստացի սահմանագծման աշխատանքներու մեկնարկման որոշումը կայացուած է ոչ միայն նման հարցերով միջազգային լաւագոյն փորձի լիակատար անտեսմամբ, միջազգային իրաւունքով արգիլուած՝ ուժի սպառնալիքի կամ զայն կիրառելու, Հայաստանի անվտանգութիւնը անտեսելու պայմաններու մէջ, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան, ներառեալ՝ «Պետական սահմանի մասին» օրէնքի կոպտագոյն խախտումներով.

3. Նշուած տարածքները կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան իրաւազօրութեան ներքոյ, ուր կը գործեն Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքները, տեղակայուած են Հայաստանի զինուած ուժերը, իսկ 2015 թուականի Դեկտեմբեր 22-էն ուժի մէջ մտած Սահմանադրութեան 205-րդ յօդուածին համաձայն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի որեւէ փոփոխութեան վերաբերող հարցերը կը լուծուին բացառապէս հանրաքուէի միջոցով.

4. Վերահաստատելով սահմանազատման եւ սահմանագծման համար անհրաժեշտ միաջավայրի բացակայութեան վերաբերեալ նախապէս մեր արտայայտած դիրքրոշումը, կրկին կը յիշեցնենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատումն ու սահմանագծումը իրարու յաջորդող գործընթացներն են: Նախ, միջազգային իրաւունքին համաձայն եւ փորձի հաշուառմամբ՝ երկու երկիրներուն միջեւ պէտք է իրականացուի սահմանի ամբողջական սահմանազատում (դելիմիտացիա), որուն նկարագրութիւնը հաստատող փաստաթուղթը, երբ անիկա կը նախատեսէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան իրաւազօրութեան ներքոյ գտնուող որեւէ տարածքի փոփոխութիւն, ենթակայ է հանրաքուէով հաստատման: Վերջինիս առկայութեան պարագային է միայն, որ կ՝իրականացուի սահմանագծում (դեմարկացիա).

5. Մինչեւ նշուած հանրաքուէով հաստատումը՝ Հայաստանի զինուած ուժերը պարտաւոր են կատարելու Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան, անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան ապահովման իրենց՝ սահմանադրական գործառոյթները.

Ըստ այդմ, կը յայտարարենք եւ կը զգուշացնենք Նիկոլ Փաշինեանին ու գործընթացին ներգրաւուած բոլոր անձերուն, առանց հանրաքուէի Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան իրաւազօրութեան ներքոյ գտնուող որեւէ տարածքի փոփոխութիւն (փոխանցում այլ պետութեան) կամ այդ ուղղութեամբ իրականացուած որեւէ գործողութիւն ոչ միայն առոչինչ է, այլ նաեւ կը համարուի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգի եւ պետութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած առանձնապէս ծանր յանցագործութիւն, որ կը պատժուի ընդհուպ ցմահ ազատազրկմամբ:

ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմին

22.04.2024 թ.