Մեր Դատը Անժամանցելի է, Մեր Պայքարի Ոգին՝ Անկոտրում

Սփիւռք

Կոչ — հրա­ւէր
հա­մայն յու­նա­հա­յու­թեան

Ապ­րիլ, 2024
­Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,
Ապ­րիլ 24-ի նա­խօ­րեա­կին ենք, երբ աշ­խար­հասփիւռ հա­յու­թեան հետ, որ­պէս ­Հա­յոց Ցե­ղասպա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած սե­րունդ­ներ՝ կը նշենք հայ ազ­գին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադրած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-ա­մեա­կը։ ­Մեր ազ­գին դէմ 109 տա­րի­ներ ա­ռաջ սկիզբ ա­ռած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի, իր սար­սա­փե­լի ե­րե­սը դար­ձեալ ցոյց տա­լով, փանթր­քա­կան նկրտում­նե­րով։

Եր­բեք կա­րե­լի չէ մոռ­նալ, որ 109 տա­րի­ներ ա­ռաջ մեր ազ­գին դէմ գոր­ծո­ւած ա­հա­ւոր ո­ճի­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Փոքր Ա­սիոյ այլ քրիս­տո­նեայ՝ յոյն եւ ա­սո­րի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն դէմ գոր­ծո­ւած ցե­ղա­յին ո­ճիր­նե­րը, ­Թուր­քիոյ պե­տա­կան մե­քե­նա­յին յղա­ցած ու գոր­ծադ­րած ծրա­գիրն էր, ո­րու շա­րու­նա­կու­թիւ­նը կը կազ­մէ պե­տա­կան մա­կար­դա­կով ո­ճի­րը ու­րա­նա­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Նոյ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ այ­սօր, իր նոր ու սպառ­նա­ցող ե­րես­նե­րով։

­Փան­թուր­քիզ­մի նոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը՝ հա­կա­հայ­կա­կան ի­րենց քա­րոզ­նե­րով եւ ցե­ղա­պաշ­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով, կը շա­րու­նա­կեն վտան­գել մեր ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի լի­նե­լիու­թիւ­նը, հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ան­տար­բեր, խուլ ու համր դար­ձող մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան մը առ­ջեւ։ ­Թուր­քիոյ նպա­տակ­նե­րուն միա­ցած է Ատրպէյ­ճա­նը, ո­րու շա­րու­նա­կա­կան սադ­րանք­նե­րը մեր հայ­րե­նի­քին դէմ՝ փան­թուր­քիզ­մի նոր նի­զա­կա­կի­րը կը հան­դի­սա­նան։ Ատր­պէյ­ճան մե­ղա­ւոր է Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին դէմ ցե­ղա­յին զտու­մի ի­րա­գործ­ման հա­մար, մե­ղա­ւոր է ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խան տա­րած­քին դէմ գրա­ւում­նե­րով եւ իր ռազ­մա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ շա­րու­նա­կա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րով։ ­Բա­ցա­յայտ ի­րո­ղու­թիւն է, թէ Ան­գա­րա-­Պա­քու զի­նակ­ցու­թիւ­նը կը հե­տապն­դէ հա­յու­թեան դէմ ցե­ղաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ի­րենց ա­ւար­տին հասց­նե­լու նպա­տա­կը, օ­րէ օր ա­ւե­լի կազ­մա­կեր­պո­ւած ու վտան­գա­ւոր։

109 տա­րի ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք, հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քի ժո­ղո­վուր­դը պար­տի ոտ­քի մնալ, ա­չա­լուրջ ու պատ­րաս­տա­կամ։ ­Մա­նա­ւանդ գի­տակ­ցե­լով, թէ մեր պատ­մու­թիւ­նը, մեր ազ­գին հիմ­քը կազ­մած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը, շա­րու­նա­կա­կան հա­րո­ւած­նե­րու կ­՚են­թար­կո­ւին, նոյ­նիսկ ներ­քին հա­րո­ւած­ներ ստա­նա­լով։

­Սա­կայն, մե­զի հա­մար պարզ է, քա­նի որ մեր պատ­մու­թեան ծանր դա­սե­րը քա­ղած ըլ­լա­լով, լա­ւա­պէս կը գի­տակ­ցինք, թէ միայն պա­հան­ջա­տէր եւ ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թեան ուժն է, որ կրնայ կան­խար­գի­լել մեր ազ­գին դէմ սպառ­նա­լիք­նե­րը ու ցե­ղաս­պա­նա­կան նոր ո­ճիր­նե­րը։ Ար­ցա­խի կո­րուս­տին, հա­զա­րա­ւոր հայ նա­հա­տակ­նե­րու եւ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան բռնի տե­ղա­հան­ման ի­րա­վի­ճակ­նե­րը դի­մագ­րա­ւած ըլ­լա­լով, այժմ պահն է, որ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը միա­խումբ ու վճռա­կան կե­ցո­ւածք ցու­ցա­բե­րէ, պաշտ­պա­նե­լով իր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը, վե­րա­կեր­տե­լով իր ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը, պահ­պա­նե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դի նոր սե­րունդ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը։
­
Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կոչ կ­՚ուղ­ղէ իւ­րա­քան­չիւր պա­հան­ջա­տէր հա­յու՝ մաս­նակ­ցե­լու, վե­րա­նո­րո­գե­լու պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ուխ­տը եւ ան­գամ մը եւս յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու մեր ազ­գի ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին։

­Թող մեր բո­լո­րին հա­մախմբ­ման վայ­րը դառ­նան 109-ա­մեա­կի ծի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պո­ւող բո­լոր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը։ ­Կի­րա­կի, 21 Ապ­րիլ 2024-ին Ա­թէն­քի ու ­Գո­մո­թի­նիի մէջ, եւ ­Կի­րա­կի, 28 Ապ­րիլ 2024-ին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ՝ քա­ղա­քա­կան ձեռ­նարկ­նե­րը, ­Չո­րեք­շաբ­թի 24 Ապ­րի­լին՝ ­Գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթք­ներն ու բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րը Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, ինչ­պէս նաեւ ­Ռո­տո­սի եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ՝ կազ­մա­կեր­պո­ւող ձեռ­նարկ­նե­րը։

­Բո­լորս միաս­նա­բար, խուռ­նե­րամ մաս­նակ­ցինք ձեռ­նարկ­նե­րուն, վե­րա­հաս­տա­տե­լու հա­մար որ մեր ­Դա­տը ան­ժա­ման­ցե­լի է, իսկ մեր պայ­քա­րի ո­գին՝ ան­կոտ­րում։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խումբ