Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Պալատը Յարգանքի Տուրք Մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատը Ապրիլ 18-ին մէկ րոպէ լռութամբ յարգած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը՝ խոստանալով պայքարիլ յանուն աշխարհի մը, ուր կը տիրեն խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը, եւ ուր անցեալի վայրագութիւնները երբեք չեն կրկնուի: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին կը յայտնէ «CyprusMail»-ը։

Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահի պաշտօնակատար Զաքարիա Գուլիասը իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Ապրիլ 24-ին կ՝ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան «սեւ տարելիցը»։

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ քանի մը տարիներու ընթացքին միլիոնաւոր հայեր «բռնի տեղահանուած են, ենթարկուած զրկանքներու եւ զանգուածային սպանութիւններու»:

Զաքարիա Գուլիասը նաեւ յիշեցուցած է, որ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը աշխարհի մէջ երկրորդ երկիրն է, որ ճանչած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ 1975 թուականին: