Առանց Փաշինեանի Կողմէն «Կանաչ Լոյս»-ի՝ Ցեղասպանութեան Զոհերու Եւ Ցուցակի Մասին Մէկ Ծպտուն Անգամ Չէին Կրնար Հանել Անդրանիկ Քոչարեանը Կամ Զարեհ Սինանեանը․ Հրաչ Վարժապետեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

14 Ապրիլին «Ազատութեան» հետ կիրակնօրեայ զրոյցին ընթացքին, Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան յայտարարած էր, որ Նիկոլ Փաշինեան նպատակ ունի նաև Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած իրական հիմքեր կառուցել՝ աւելի առարկայական դարձնելու ցեղասպանութեան ենթարկուած հայրենակիցներու ամբողջ ցանկը:

«Մենք այդ հարցը տասնեակ տարիներով չենք լուծած, հիմա պէտք է կեդրոնանալ, իրական Հայաստանը կու տայ այդ կարելիութիւնը նաեւ՝ ցեղասպանութեան այդ բացթողումը դարձնելու իրականութիւն։ Շատ պարզ է, չէ՞, երբ որ կ’ըսենք՝ միլիոնուկէս հայ կոտորուած է, պէտք է միլիոնուկէս ազգանուն արխիւներու մէջ մենք կարենանք հանել, դնել եւ Ցեղասպանութեան թանգարանի այդ պատը պէտք է լրացած ըլլայ այդ ազգանուններով։ Ես երկու կողմէն Ցեղասպանութեան հետեւանքով տեղաշարժած եմ այսօրուան Հայաստան, եւ այս Հայաստանն է, որ տուաւ կարելիութիւն նաեւ հետագային՝ 46 թուականին, ունենալու ներգաղթ եւ լուծելու ժողովրդագրական կարեւոր հարց», լրատուամիջոցին փոխանցումով՝ նշած էր Քոչարեան: Յաջորդ օրը նոյն միտքը ան կրկնած էր Ազգային Ժողովի ճեպազրոյցներուն ընթացքին:

Իսկ 16 Ապրիլին Անդրանիկ Քոչարեան յանկարծ յիշեց, որ ատիկա ոչ թէ Փաշինեանի, այլ իր անձնական մօտեցումն է։

Ցեղասպանութեան ենթարկուածներու ցուցակներու ամբողջականացման մասին յայտարարութիւնը իմ անձնական մօտեցումն է, քաղաքական որոշում չկայ, Նիկոլ Փաշինեան անոր հետ կապ չունի», դարձեալ «Ազատութեան» ըսած էր Քոչարեան:
168.am-ի հետ զրոյցին ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան դիտել տուաւ, որ Անդրանիկ Քոչարեանի յայտարարութիւնը փաշինեանական խումբին քաղաքականութիւնն է:

«Անդրանիկ Քոչարեան կամ Զարեհ Սինանեան, որ իր կարգին աճապարեց իրենց չարաբաստիկ թէզը պաշտպանել, առանց Փաշինեանի կողմէն «կանաչ լոյսի»՝ մէկ ծպտուն անգամ չէին կրնար հանել: Սա իրենց պաշտօնական քաղաքականութիւնն է, իրենց ուղեգիծն է, ապազգային քաղաքականութիւնն է»:

Իսկ թէ ինչ ձեւով սա ընկալուած է Ֆրանսայի մէջ կամ տեղւոյն հայ համայնքի կողմէն, Հրաչ Վարժապետեան ըսաւ, որ Ֆրանսայի հայ համայնքի կողմէն, թերեւս, չի կրնար բացասական չընդունուիլ այսօրինակ յայտարարութիւնը:
«Ֆրանսայի համայնքը, ինչպէս Սփիւռքի որեւէ համայնք, որ ամբողջ մէկ դար պայքարած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար՝ 1,5 միլիոն զոհերու փաստի գիտակցումով, բնական է, որ պիտի չընդունի, մերժէ այս ազգադաւ թէզը: Իսկ թէ ինչ վտանգ կը պարունակէ անիկա, նախ նշեմ՝ Ցեղասպանութեան ենթարկուածներու ցուցակ կազմելու եւ առհասարակ, Ցեղասպանութիւնը ուրանալու այս գաղափարը թրքական պետութեան, պաշտօնական Անգարայի ժխտողական թէզերէն մէկն է: Անոնք միշտ ըսած են, որ հայերը այս հարցով ստած են, եւ, որ ինչո՞ւ ցուցակ կամ ցանկ չենք ներկայացուցած՝ ապացուցելու հայկական պնդումները: Եւ հիմա Հայաստանի ՔՊ-ական խումբն է, որ իւրացուցած է թրքական այս թէզը, ուր միշտ ըսուած է՝ ձգենք այս հարցը պատմաբաններուն:
Եւ սա կ’ըսուի 24 Ապրիլէն օրեր առաջ: Պէտք է ըսեմ, որ զուգադիպութիւն չէ Հայաստանի ներսէն ապրիլքսանչորսեան ոգեկոչման պատրաստուող հանրութեան տրուած այս ապտակը: Սա զարմանալի չէ, 3-4 տարի է Դաշնակցութիւնը կը զգուշացնէ, որ ՔՊ-ի ձեռքը պիտի հասնի Հայոց Ցեղասպանութեան, եւ փաստօրէն հասաւ», շարունակեց մեր զրուցակիցը՝ վստահեցնելով, որ Անդրանիկ Քոչարեանի դաշտ նետած դաւադիր թէզին դէմ պիտի պայքարին ամէն կերպ:

«Ո՛չ Փաշինեանը, ո՛չ անոր մանկլաւիկները, առհասարակ, որեւէ մէկը իրաւունք ունի հայութեան անունով նման բան արտայայտելու: 23 Ապրիլին ջահերով երթի դուրս եկող եւ 24 Ապրիլին դէպի Ծիծեռնակաբերդ բարձրացող հոծ բազմութիւնը, կամ աշխարհով մէկ այդ օրը 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակը ոգեկոչող հայութիւնը լաւագոյն պատասխանը կու տայ եւ պիտի տայ այս իշխանութիւններուն ու անոնց ազգադաւ գաղափարին: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի կառուցումէն վերջ նոր էջ բացուած է պահանջատիրութեան: նոյնիսկ Խորհրդային Հայաստանը 1,5 միլիոն զոհերու թէզով առաջնորդուած է։ Աւելին, 1965-ին ժողովուրդը «Մեր հողերը, մեր հողերը» գրութիւնը կրող մեծատառ պաստառներով եւ վանկարկումներով փողոց դուրս եկած էր, այսինքն՝ այդ ժամանակ հնչեց նաեւ մեր հողային իրաւունքը», յիշեցուց Հրաչ Վարժապետեան՝ նշելով, որ անոր զուգահեռ՝ սկսաւ Հայ Դատի միասնական աշխատանքը աշխարհի տարբեր հատուածներուն մէջ, եւ գրեթէ բոլոր մեծ պետութիւնները ընդունած են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, եւ անոնք բոլորը 1,5 միլիոն զոհերու թուական փաստը յառաջ կը բերեն։

«Ֆրանսայի մէջ պետական ցուցանակներ կան զոհերու 1,5 միլիոն հասկացողութեամբ: Եւ հիմա Անդրանիկ Քոչարեան, Նիկոլ Փաշինեան, Զարեհ Սինանեան եկած են թրքական թէզը պաշտպանելու: Սա խեղկատակութիւն է, եւ վստահ եղէք՝ պիտի չընդունուի, անոնց անունները պիտի մնայ դաւադիրներու ցանկին մէջ:

Իսկ 1,5 միլիոն թիւը Վատիկանի մէջ կը հնչէ, տարբեր երկիրներու նախագահներու, պետական բարձաստիճան այրերու շրթներէն կը հնչէ: Միայն թրքական եւ թրքամոլ ճուտերն են, որ հակառակը կը պնդեն, բայց պիտի ձախողին: Եւ ամբողջ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը պիտի յաղթէ՝ հակառակ ներսէն եկող դաւադիր ապտակներուն, նշեց ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ աւելցուց,- Պատկերացուցէք՝ Իսրայէլի կամ հրէական աշխարհի մէջ որեւէ հրեայ համարձակի Հոլոքոստի մասին ժխտական բան ըսել: Պատկերացուցէք՝ ինչ կ’ըլլայ այդ հրեայի վիճակը, որ միջամտութիւն կ’ընէ: Կը ցանկայի, որ մենք այս տրամաբանութեամբ շարժէինք Ցեղասպանութեան կամ Հայ Դատի նկատմամբ որեւէ դաւադիր բան ըսող եւ կատարող հայ կոչուածի նկատմամբ»: