Եռակողմ Յայտարարութիւնը Ստորագրած Բոլոր Կողմերուն Համար Արցախի Ժողովուրդին Ճակատագիրը Երկրորդական Նշանակութեան Խնդիր Դարձաւ․ Արցախի ԱԺ Խմբակցութիւններ

Աշխարհ, Հայաստան

Յայտարարութիւն

ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքէն ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի դուրսբերման գործընթացը, որ մեկնարկեց օրերս, խիստ մտահոգիչ է ամիսներ առաջ ցեղասպանութեան իրական սպառնալիքի տակ իր հայրենիքէն տեղահանուած 150 հազար արցախցիներուն համար: Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին կողմէ ընտրուած օրինական իշխանութիւններուն եւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն համար նախորդ ամիսներուն եղած է եւ կը շարունակէ առաջնահերթութիւն մնալ արժանապատիւ եւ հաւաքական վերադարձի հարցը, որուն մէջ անկիւնաքարային նշանակութիւն ունի մեր հիմնարար իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխաւորումը։

2020 թ. Սեպտեմբեր 27-էն ետք մեր տարածաշրջանը յայտնուած է լուրջ այլափոխութիւններու տիրոյթի մէջ եւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը որեւէ կերպով չ՝երաշխաւորեր սպասուած եւ խոստացուած տեւական խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: Արցախի ժողովուրդը իր կամքէն անկախ յայտնուեցաւ 2020 թ. Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու թակարդին մէջ եւ հաւատաց Ռուսիոյ Դաշնութեան բարձր ղեկավարութեան՝ իր անվտանգութիւնը ապահովելու հաւաստիացումներուն: Ստիպուած ենք ցաւով ու ափսոսանքով արձանագրել, որ Եռակողմ յայտարարութիւնը ստորագրած բոլոր կողմերուն համար Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը դարձաւ երկրորդական նշանակութեան խնդիր, որուն պատճառով 2023 թ. Սեպտեմբերին Արցախը ամբողջովին հայաթափուեցաւ:

Միաժամանակ, ակնյայտ է, որ Արցախի մէջ միջազգային ներկայութեան բացակայութիւնը լրացուցիչ ազատութիւն պիտի տայ «ամէն հայկականի» ոչնչացման եւ ընդհանրապէս հայկական հետքի վերացման քաղաքականութիւն իրականացնող ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան։ Նման իրավիճակի մէջ սպառնալիքի տակ պիտի յայտնուին հայկական հոգեւոր, մշակութային բազմադարեայ կոթողները, հայութեան սեփականութիւնն ու ազգային ունեցուածքը:

Արցախի ժողովուրդի՝ իր հազարամեայ հայրենիքին մէջ միջազգային երաշխիքներու առկայութեամբ, բոլոր իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պահպանմամբ անվտանգ ու ապահով ապրիլը անքակտելի իրաւունք է, եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի երեք խմբակցութիւնները մտահոգուած են, որ Արցախէն միջազգային կառոյցներու դուրսբերումը ընդհանրապէս, իսկ ռուս խաղաղապահ զօրակազմին դուրսբերումը՝ մասնաւորապէս, կը վտանգէ այդ իրաւունքը։ Միաժամանակ, կարեւոր կը համարենք ընդգծել նաեւ, որ նման որոշումներու կայացումը առանց տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդի՝ արցախահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկումներու, անընդունելի է եւ որեւէ կերպով չի կրնար նպաստել կայուն, երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման ու խնդրի հանգուցալուծման։

Մեկնելով վերոգրեալէն՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները կը յորդորեն ՌԴ համապատասխան կառոյցներն ու անոնց պատասխանատուները անյապաղ խորհրդատուութիւններ ու քննարկումներ սկսելու Արցախի ժողովուրդի օրինական ընտրուած ներկայացուցիչներուն հետ՝ Արցախի Հանրապետութեան տարածքէն ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի դուրսբերման իրական պատճառներուն, անոր հետեւանքով ստեղծուած աղէտալի վիճակին, յառաջացած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման համար անհրաժեշտ ջանքեր գործադրելուն վերաբերեալ:

«Արդարութիւն» խմբակցութիւն

«ՀՅ Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն

«Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւն

Երեւան, 19. 04. 2024 թ.