Բարի Կենդանութիւն Կամ Բուն Բարեկենդան

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Բարեկենդանը պահքի սկիզբն է, իսկ Բուն բարեկենդանը՝ Մեծ պահքի սկիզբը: Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կենդանութիւն. ուրախութեան, խրախճանքի օր, որուն կը յաջորդէ շաբաթապահքը: Իսկ Բուն բարեկենդան կը նշանակէ ամենամեծ բարեկենդան, որուն կը յաջորդէ Մեծ պահքը, որ ամենաերկարն ու տեւականն է:

Բուն բարեկենդանը Մեծ պահքի եօթը կիրակիներէն առաջինն է: Կը յիշեցնէ մարդկային առաջին երջանկութիւնը: Այս օրը նուիրուած է դրախտի յիշատակին, որուն փափկութեան մէջ նախածնողները՝ Ադամն ու Եւան, կ՝ապրէին անմեղ ու երջանիկ կեանքով մինչեւ դրախտէն վտարուիլը:

Դրախտային կեանքը Ադամի ու Եւայի համար երանական կեանք էր, բարի կենդանութիւն՝ Աստուծոյ ներկայութեամբ: Չկար որեւէ բան, որ տրտմեցնէր, ընդհակառակը, անոնք կ՝ապրէին անսպառ երկնային յաւիտենական ուրախութեան մէջ, քանի որ կը վայելէին Աստուծոյ անմիջական ներկայութիւնը: Սակայն
մեղանչելով, կորսնցուցին այն բարի կենդանութիւնը, որ կը վայելէին դրախտի մէջ, ու սկսան ապրիլ մարմնական կեանքով:

Բուն բարեկենդանը մարդուն կը յիշեցնէ իր երջանիկ վիճակը, իսկ Մեծ պահքը՝ խորհիլ կու տայ, թէ ինչպէ՞ս կորսնցուցած է զայն եւ կը մատնանշէ անոր վերադառնալու միջոցն ու ճանապարհը:

Բարեկենդանի օրը, բնականաբար, չենք կրնար անցընել այնպէս, ինչպէս նախամարդը դրախտի մէջ: Մարդը չի կրնար իր ուրախութիւնը դրսեւորել միայն հոգեպէս, այլ յաճախ հոգեւորին կը շաղկապէ մարմնականը, նիւթականը, այդ պատճառով աշխարհը մեր հոգեւոր այս ուրախութեան կը միախառնէ սեղաններու
ճոխութիւնն ու վայելքները, իսկ այդ շռայլութեան իբրեւ հակակշիռ՝ Եկեղեցին կը յորդորէ չափաւորութիւն:

Բուն բարեկենդանի շարականները կը պատմեն ու կը նկարագրեննախածնողներու դրախտային փափուկ կեանքը, այն գոհունակ եւ զուարթ հոգեվիճակը, որ կը վայելէին դրախտի մէջ Ադամն ու Եւան: Այս շարականներուն առանցքը «դրախտի փափկութիւնը», «դրախտի զուարճութիւնը» եւ Ադամի երջանիկ վիճակը կը կազմէ:

Կը յիշատակուի նաեւ Քրիստոսը իբրեւ երկրորդ Ադամ, որ Իր միջոցով մարդոց արժանի դարձուց «դրախտի փափկութեան»: Բուն բարեկենդանի շարականները «զուարճութեան», «ուրախութեան» եւ «դրախտի երջանկութեան» մասին են:

Բուն բարեկենդանի նախորդ Շաբաթ օրը, երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, կը փակուին բոլոր եկեղեցիներուն խորաններուն վարագոյրները, որոնք կը բացուին Սբ. Զատիկի ճրագալոյցի Պատարագին:

Մեծ պահքի ընթացքին վարագոյրը կը բացուի միայն Ծաղկազարդին, Աւագ Հինգշաբթի՝ ոտնլուայի արարողութեան, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտքը վիրապ, Սբ. Մարիամ Աստուածածնի աւետման, Տիառնընդառաջի տօներուն, եթէ անոնք հանդիպին Մեծ պահքի օրերուն:

Բուն բարեկենդանի Կիրակի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը սկսի Մեծ պահքը: