Ակլատիզ

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք


Հայկական մշակոյթի ամենագեղեցիկ, խորհրդանշական եւ խորհրդաւոր արժէքներէն են հայոց ծիսական տիկնիկները (պուպրիկ): Անոնց կերպարներուն եւ գործառոյթներուն մէջ առաւել խօսուն ձեւով խտացուած եւ մարմնաւորուած է ժողովուրդի անյատակ մտածողութիւնը: Ժողովուրդը անոնց օժտած է մոգական ուժով, չարը խափանող, վտանգէ ու չարէ զերծ պահող յատկութիւններով:

Տիկնիկներու միջոցով ձգտած են ապահովել բերք ու բարիքի առատութիւնը, պտղաբերութիւնը, արգասաբերութիւնը, ընտանեկան եւ անձնական յաջողութիւնները:

Մեծ պասի ծիսական տիկնիկըԱկլատիզը կամ Պաս պապը կը յայտնուէր պասի առաւօտեան իր հետ բերելով ծիսական գործողութիւններու ամբողջ շարան մը, որոնք դարձեալ պիտի ապահովէին պտղաբերութիւնն ու արգասաբերութիւնը:

Ակլատիզը կը պատրաստէր տան ամենատարեց կինըբոլորէն գաղտնի:

Տիկնիկին գլուխը կը պատրաստուէր սոխով (գետնախնձորով, խմորագունդով), որուն վրայ կը խրուէր եօթը փետուր: Փետուրները կը խորհրդանշէին պասի եօթը շաբաթները: Իւրաքանչիւր շաբթուան աւարտին կը հանուէր փետուրներէն մէկը: Սոխին վրայ կը խրէին միոտանի տիկնիկըպատրաստուած փայտէ, պեխ-մօրուքով, տղամարդու հագուստով, աջ ու ձախ պարզած թեւերուն քարեր կախած: Ամբողջ ընթացքին անիկա կը հսկէր, որ ընտանիքին մէջ ոչ ոք խախտէր պասը: 

Պասի վերջին օրըվերջին փետուրը հանելէ ետք, երիտասարդները Ակլատիզը կը տանէին կալերը եւ չարախնդալով, հարուածելով, ջուրը կը նետէին, իսկ Ակլատիզի սոխը կամ սոխին ծիլերը տանտիրուհիները կը պահէին եւ կ՝օգտագործէին ճաշի մէջ: Որոշ վայրերու մէջ սոխը կը թաթխէին մածունի մէջ եւ կը նետէին տանիք: Ըստ ժողովրդական պատկերացումներու, Ակլատիզը թռչուն կը դառնար ու կը թռչէր միւս տարի կրկին վերադառնալու համար:

Ակլատիզին տրուած այլ անուններ՝ ըստ Սոնիա Թաշճեանի․ ախելոծ, ախալոճ, գոգոռոզ, խուլուճիկ, պահք ուտեմ, ֆռռիկ, մոռմոռոզ, մռմռաս, պապի պլոր, պապի պլուլ, մեծ պաս պապ եւ այլն․․․