Եղիշէ Վարդապետ եւ Անոր «Վասն Վարդանայ եւ Հայոց Պատերազմին» Երկին Յաւերժական Պատգամը․ Ասպետ Մանճիկեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Եղիշէ վարդապետ Վարդանանց հաւատամարտի ականատես եւ մասնակից դիւցազներգու պատմիչն է, եւ հայկական պատմագիտական գրականութեան գանձարանին մէջ իր պատուաւոր տեղը ունի անոր հեղինակած «Վասն Վարդանայ եւ հայոց պատերազմին» երկը:

Եղիշէ վարդապետի կենսագրութեան մասամբ աւանդական, մասամբ ալ իրական տեղեկութիւնները գրուած են «Ճառընտիր»-ին մէջ` անանուն գրիչի կողմէ:

Եղիշէ վարդապետ ծնած է Ե. դարուն սկիզբը: Գիրերու գիւտէն ետք բացուած դպրոցներէն մէկուն մէջ եղաւ Սահակ Պարթեւ հայրապետի եւ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի աշակերտը եւ հայերէնի կողքին սորվեցաւ յունարէն, ասորերէն եւ պարսկերէն:

Իր դասընկերներ Մովսէս Խորենացիի, Դաւիթի, Մամբրէի եւ այլոց հետ հաւանաբար 434-ին յունական դպրութեան կեդրոն Աղեքսանդրիոյ իմաստասիրական դպրոցը ուղարկուեցաւ, ուսումը շարունակելու եւ յատկապէս լեզուներ սորվելու ու թարգմանութեան արուեստին մէջ հմտանալու համար:

Եգիպտոս ուսանողութեան շրջանին Եղիշէ շրջեցաւ Պաղեստինի տնօրինական սրբավայրերը եւ յատկապէս այցելեց Թափօր լեռ, որուն մասին հետագային ճշգրիտ նկարագրութիւններ տուած է իր Այլակերպութեան ճառին մէջ:

Աղեքսանդրիոյ մէջ Եղիշէ եւ իր ընկերները իրենց դաստիարակ ունեցան հմուտ աստուածաբան Կիւրեղ Աղեքսանդրացին:

Աղեքսանդրիոյ դպրոցը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, Եղիշէ եւ իր դասընկերները նաւով ճամբայ ելան հայրենիք վերադառնալու համար: Ծովուն վրայ փոթորիկի բռնուեցան, ուղղութիւնը կորսնցուցին եւ Իտալիա ցամաք ելան: Ատեն մը Հռոմ մնացին, յետոյ անցան Աթէնք, հոնկէ` Պոլիս, եւ երկար ճանապարհորդութենէ ետք Հայաստան մտան: Անոնք հայրենիք հասան շուրջ 441-442-ին, երբ իրենց ուսուցիչներ Սահակ Պարթեւ հայրապետ եւ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետ արդէն վախճանած էին:

Եղիշէ վարդապետական աստիճան ստանալէն ետք հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի քարտուղարը եղաւ:

* * *

Պարսից Յազկերտ Բ. արքայից արքայ հրովարտակ ուղարկեց հայոց մեծամեծներուն, պահանջելով ուրանալ քրիստոնէութիւնը, զրադաշտական դառնալ եւ երկրպագել արեգակին ու կրակին:

Հայոց մեծամեծները Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ Արտաշատի մէջ ժողով գումարեցին եւ պատասխան նամակով մերժեցին կրօնափոխութեան պահանջը:

Արքայից արքային հրամանով հայոց նախարարները Տիզբոն` արքունիք կանչուեցան: Պարտադրանքի տակ անոնք ստիպուած երեսանց ուրացան իրենց հաւատքը, որպէսզի կարենան հայրենիք վերադառնալ:

Նախարարներուն հետ բազմաթիւ մոգեր, մոգպետներ եւ զօրքեր Հայաստան ճամբու դրուեցան: Թագաւորին հրամանն էր` եկեղեցիները քանդել, ատրուշաններ կանգնեցնել եւ հայութիւնը զրադաշտական դարձնել:

Նախարարներուն ուրացութեան լուրը իրենցմէ առաջ հասաւ Հայաստան: Հայոց հոգեւորականութիւնը որոշեց ամէն գնով դիմադրել:

Նախարարներուն, մոգերուն եւ պարսիկ զօրքերուն Հայաստան հասնելէն ետք, ժողովրդային դիմադրութիւնը, Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ, սկսաւ Անգղ գիւղէն: Ամբողջ ժողովուրդը ոտքի կանգնեցաւ` պաշտպանելու համար իր հաւատքը, ինքնութիւնը, ազգութիւնը եւ մշակոյթը:

Յազկերտ Բ. Մուշկան Նիւսալաւուրտի հրամանատարութեամբ երկու հարիւր հազարնոց հսկայ բանակ մը ուղարկեց Հայաստան:

Սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի հրամանով հայոց վաթսունվեց հազարնոց զօրքը հաւաքուեցաւ եւ առաջ շարժեցաւ` դիմագրաւելու պարսկական բանակը: Զօրքին հետն էր հայոց հոգեւորականութիւնը` Յովսէփ կաթողիկոսի եւ Ղեւոնդ Երէցի առաջնորդութեամբ:

Մարզպան Վասակ Սիւնի, որ պատերազմը կանխելու եւ արիւնահոսութենէ խուսափելու քաղաքականութիւն կը վարէր, իր հետեւորդներով բաժնուեցաւ հայոց միաբանութենէն եւ անցաւ պարսից կողմը:

Ճակատամարտը տեղի ունեցաւ 26 մայիս 451-ին, Աւարայրի դաշտին մէջ, Տղմուտ գետի ափին:

Փոխադարձ նետաձգութենէ, նիզականետութենէ եւ գրոհէ ետք հայոց այրուձին անցաւ գետը եւ գօտեմարտի բռնուեցաւ: Անհաւասար մարտին մէջ սպարապետ Քաջ Վարդան Մամիկոնեան ինկաւ նահատակ: Հայեր տուին 1036 զոհ, իսկ պարսիկներ կորսնցուցին 3544 զինուոր:

Աւարայրի դաշտին մէջ, վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց, արիաբար ընդդէմ մահու ինկած 1036 նահատակները հայ եկեղեցւոյ կողմէ սուրբերու կարգը անցան:

* * *

Աւարայրի ճակատամարտէն ետք Եղիշէ վարդապետ մենակեաց ճգնաւոր դարձաւ եւ Մոկաց լեռներու մէկ քարայրին մէջ մեկուսանալով, Մամիկոնեան Դաւիթ Երէցի պատուէրով, իբրեւ մասնակից ականատես, հաւանաբար 460-ական տարիներուն գրեց «Վասն Վարդանայ եւ հայոց պատերազմին» երկը, որ բաղկացած է եօթը գլուխներէ` «յեղանակներէ» եւ կ՛աւարտի նեղութեան մէջ տառապող հայ փափկասուն կանանց ծանր դրութեան նկարագրութեամբ:

Եղիշէ վարդապետ գրած է նաեւ աստուածաբանական, կանոնական եւ խրատական բնոյթի աշխատութիւններ: Համաշխարհային քրիստոնէական գրականութեան մէջ ան առաջիններէն եղաւ, որ մշակեց երկնային եւ երկրային իշխանութեան մասին ուսմունքը:

Ան իր կեանքին վերջին տարիները անցուց Վանայ ծովու հարաւային ափերուն, Ռշտունեաց գաւառի քարայրներուն մէջ, եւ հոն ալ վախճանեցաւ հաւանաբար 470-ական տարիներուն: Անոր գերեզմանը, լճափի Ոստան գիւղէն հարաւ, Արտոս լերան լանջին գտնուող Չարահան Սուրբ Նշան վանքին մէջ, ուխտատեղի դարձաւ:

Սուրբ Եղիշէ վարդապետ յաւերժական պատգամ փոխանցած է մեզի:

Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է: Հաւատքի կորուստը հաւասարազօր է ազգային ինքնութեան կորուստի, որովհետեւ ազգ, հայրենիք եւ եկեղեցի մէկ եւ անբաժանելի ամբողջութիւն են: