Փետրուար 11-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցին Կը Նշէ Բուն Բարեկենդանը

Հայաստան, Սփիւռք

Փետրուար 11-ին, Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Բուն Բարեկենդանը, որմով կ՝ազդարարուի Մեծ Պահքի սկիզբը: Այդ օրը բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը փակուին խորանի վարագոյրները եւ հաղորդութիւն չի տրուիր՝ բացառութեամբ քանի մը տօնական օրերու: Մեծ պահքի շրջանին խորհուրդ չի տրուիր կատարել մատաղի արարողութիւն եւ չի խրախուսուիր սուրբ պսակի խորհուրդը, բայց մկրտութեան արարողութիւն կարելի է ընել։