Արցախեան Խոհանոցի Նշանաւոր Ուտեստը՝ Ժենգեալով Հաց

Այլեւայլ, Հայաստան

Ժենգեալով հացը արցախեան խոհանոցի նշանաւոր ուտեստներէն է: Անիկա կը պատրաստուի 10-20 եւ երբեմն աւելի շատ կանաչիներով՝ կանաչ սոխ, կանաչ սխտոր, գինձ (գզպարա), կարմանտիւկ (կամ կնձմնձուկ), ճռճռուկ, թրթնջուկ (կամ թթուաշ), ծտապաշար, անանուխ, եղինջ, գառնականջ, վայրի դաղձ, սամիթ, մոխրաթալ (սպանախի տեսակ), սինձ, պտուտկուն, պուտ, պառաւապորտ, առոք-փառոք, կտաւատի երիտասարդ տերեւներ, խաղողի երիտասարդ տերեւներ։

«Ժենգեալ» բառը արցախեան բարբառով կը նշանակէ կանաչեղէն կամ բանջարեղէն։ Արցախի որոշ շրջաններու մէջ անիկա կը կոչուի նաեւ բանջարեղէնով հաց՝ նկատի ունենելով, որ յատկապէս կը պատրաստուի դաշտերէն հաւաքուած կանաչեղէններով։

Ժենգեալով հացը գերդաստանով հաւաքուելու եւ վայելելու լաւ առիթ է։

Ժենգեալով հացի խմորը կը պատրաստեն ալիւրով, աղ ու ջուրով։ Նախապէս կտրտուած եւ աղ, ձէթ ու պղպեղով խառնուած կանաչեղէնները կը լեցնեն խմորին վրայ, ծայրերը կը փակեն ու կը թխեն «սաճ»-ի վրայ։

Բացի Արցախէն, ժենգեալով հաց պատրաստելու աւանդոյթը կայ նաեւ Սիւնիքի շրջաններուն մէջ։

Լուսանկարը՝ Artsakhpress.am–ի