Սուրճի Կախուածութեան Վտանգաւոր Հետեւանքներ

Այլեւայլ

Սուրճը կը սիրեն բոյրի, համի, առոյգացնող յատկութեան համար: Սակայն, երբեմն մարդիկ այնքան կը տարուին այս ըմպելիքով, որ չեն նկատեր, թէ ինչպէս կախուածութիւն ունին անկէ:

Առաջին հայեացքէն անվնաս սրճային կախուածութիւնը՝ իրականութեան մէջ՝ կրնայ ուշ թէ շուտ լուրջ խնդիրներ յառաջացնել․

1.Դիւրագրգիռութիւն։ Ասիկա ամենատարածուած խնդիրն է, որուն զարգացման կառուցակազմը յստակ է եւ հասկնալի: Քոֆէինը սուրճի մէջ պարունակող գլխաւոր աշխոյժ միջոցն է, որ ուղղուած է խթանելու մեր նեարդային համակարգը: Մշտական խթանման իբրեւ արդիւնք՝ անիկա շուտ կը յոգնի, չի հասցներ ամբողջութեամբ վերականգնուելու եւ կը դառնայ չափազանց զգայուն: Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր մանրուք կը դառնայ պայթիւնավտանգ, կը հասցնէ բարկութեան վերին աստիճանի: Բարձր դիւրագրգիռութիւնը կ՝առաջանայ նաեւ այն պարագային, երբ նեարդային համակարգի խթանման հետ մէկտեղ մարմնի մէջ մակնեզիումի եւ քալսիումի պակաս ըլլայ: Վերջիններս կը մաքրուին մարմնէն սուրճի միզամուղային յատկութեան շնորհիւ:

2.Անքնութիւն։ Սուրճը կ՝առաջացնէ գերյոգնածութիւն, որուն պատճառով կը խաթարուի նեարդային համակարգին աշխատանքը: Սուրճի գրեթէ բոլոր սիրահարները խնդիր ունին քուն մտնելու եւ քունի որակի հետ: Ատիկա կ՝անդրադառնայ անոնց առողջութեան վրայ եւ կը տանի շուտ ծերացման:

3.Ուշադրութեան եւ կեդրոնցուածութեան նուազում։ Պարզ խօսքով` ցրուածութիւն, որ յատուկ է մեծահասակներուն: Ոչ մեծ քանակով եւ ոչ յաճախ օգտագործելու պարագային՝ սուրճը, հակառակը, կը բարձրացնէ կեդրոնացուածութեան աստիճանը: Սակայն, մեծ քանակը արդէն կու
տայ հակառակ արդիւնքը, որ կրկին կապուած է հիւծուած նեարդային համակարգին հետ:

4.Մոռացկոտութիւն։ Այս արդիւնքը կապուած է իջեցուած կեդրոնացուածութեան հետ: Սուրճի սիրահարները յաճախ կը մոռնան կարեւոր եւ պիտանի բաներ: Այսպիսի արդիւնքը ի յայտ չի գար մէկ անգամէն, սակայն, եթէ ժամանակին չկանգնեցնենք, այս յատկութիւնը անպայման ի յայտ պիտի գայ:

5.Յոգնածութիւն։ Մենք կը խմենք սուրճ, որպէսզի մեզի աւելի առոյգ զգանք: Սակայն, որքան յաճախ կ՝ընենք ատիկա, այդքան շուտ կը սպառինք: Խնդիրը կրկին նեարդային համակարգի խթանման մէջ է, որ ոչ միայն կը ստիպէ մեր ուղեղին, այլեւ ողջ մարմնին՝ աշխատիլ 100-ի վրայ, որուն պատճառով սուրճի սիրահարները յաճախ կը յոգնին:

6.Առանց սուրճի արթննալու խնդիր։ Սուրճէն կախուածութեան ամենամեծ խնդիրը անկէ ազատուելու դժուարութիւնն է: Մարդը, որ տարիներով առաւօտները կը խմէր այդ ըմպելիքը, այնքան կը սորվի անոր, որ այս սովորութենէն հրաժարելէ ետք չի կրնար ինքզինք առոյգ զգալ: Մարմինը այնքան կը սորվի արհեստական խթանման, որ առանց ատոր չի կրնար աշխատցնել ուժի արտադրման կենսական կարեւորութեան գործընթացները: Իրավիճակը հասարակ չէ, սակայն անյոյս ալ չէ: Անցումը բարդ պիտի ըլլայ, բնականաբար, սակայն անկէ ետք պիտի վերականգնուի նեարդային համակարգի բնականոն գործունէութիւնը:

7.Վատ տրամադրութիւն։ Որոշ մարդոց մօտ սուրճէն հրաժարումը կը տանի անբացատրելի ընկճախտի: Ատիկա տեղի կ՝ունենայ այն պատճառով, որ նեարդային համակարգի խթանման հետ միաժամանակ, տեղի կ՝ունենայ երջանկութեան հորմոններու արտանետում: Այդ պատճառով սուրճի սիրահարները անկէ հրաժարելէ ետք՝ մշտապէս վատ տրամադրութիւն կ՝ունենան:

Չնայած այն հանգամանքին, որ սուրճը ունի օգտակար յատկութիւններ, անիկա նաեւ կը վնասէ մեր առողջութեան, այդ պատճառով պէտք չէ կախուածութիւն ունենանք, որ կը սահմանափակէ եւ շարք մը բացասական հետեւանքներու կը տանի: