ատրպէյճանի Նախագահի (Նախ)Ընտրութիւնը․ «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Օրերը կը հաշուենք, մեր աչքերը ուղղած փետրուարեան մօտալուտ օրուան մը. բայց ո՞վ հետաքրքրուած է, կամ, աւելի ճիշդը, ո՞վ կը հաւատայ, որ Ատրպէյճանի նախագահական արտակարգ ընտրութիւնները արդար, ժողովրդավար պայմաններու մէջ եւ ամենայն թափանցիկութեամբ պիտի կատարուին։ Պաքու բացայայտ դարձուցած է, որ օտար դէտերու ներկայութիւնը պիտի չհանդուրժէ, ինչպէս չի հանդուրժեր Հայաստան հասած եւրոպացի դէտերու հսկողութիւնը…

Բռնապետին փափաքն ու մարմաջը չէ միայն այլ-ընտրութիւնն ու (նախ)ընտրութիւնը, այսինքն՝ «տաքը տաք»-ին կատարել նախագահական ընտրութիւնները։ Պատճա՞ռ։

Յատկապէս Արցախի մէջ իր արձանագրած սարքովի յաղթանակով եւ իր քարիւղին բոյրը եւրոպաներ հասցուցած Իլհամ Ալիեւ բաւական զօրաւոր դիրքի վրայ է այս փուլին: Երկրին ղեկը 2003-ին իրողապէս հօրմէն ժառանգած միապետը չ’ուզեր ժամանակ կորսնցնել, մանաւանդ, որ Եւրոպայէն դէտեր հետզհետէ ձայն կը բարձրացնեն, թէ մարդկային տարրական իրաւունքներ չեն յարգուիր, եւ այդ դաժան, բռնատիրական պայմաններուն մէջ, ընդդիմութիւնը շարունակ ոտնակոխ եղած է, բանտերը լեցուն են այլախոհներով (Արցախէն կամ հայկական բանակէն գերի բռնուածները՝ այլ էջի մը լուսանցքին վրայ)։

Արցախի 44-օրեայ պատերազմին իր տարած «փառաւոր» յաղթանակէն, ապա նաեւ՝ անցեալ Սեպտեմբերին, Արցախի վերջին պատառիկին բռնագրաւումէն ու նորագոյն ցեղասպանութեան իրականացումէն ետք, այս բռնապետին մեծամոլութեան եւ հալածախտի բարդոյթը հասած է նոր գագաթնակէտի, այնքան մը, որ ամէն մէկ շարժումի ետին կ՛երեւակայէ տեսնել, թէ իր դէմ դաւ մը կը սարքուի։ Ակներեւ է, որ այս հիւանդութիւնը տարածուած է կովկասեան բարձրաւանդակի երկիրներուն մէջ։ Հ․Հ․ ղեկավարն ալ բռնատիրութեան տարբերակներու բարդոյթէն կը տառապի։

Եզակի է Ատրպէյճանի սահմանադրութիւնը, որ կարելի է խորագրել «Ալիեւի սահմանադրութիւն»։

Նշենք կարգ մը տողեր այդ սահմանադրութենէն․-

Ատրպէյճանի նախագահը երկրին ղեկավարն է։ Ան կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի հանրապետութիւնը, թէ՛ ներքին  եւ թէ արտաքին ճակատներուն վրայ։

Ատրպէյճանի նախագահն է երկրին օրինական ուժի երաշխաւորը։

Ան որոշում կու տայ, որպէսզի կատարուի խորհրդարանի (Միլի Մեճլիս) ընտրութիւնը, նախարարներու նշանակումը, օրէնսդիր դատախազի ընտրութիւնը, բանակի ընդհանուր զօրավարին նշանակումը, պատժամիջոցներու որոշումն ու բնականաբար անոնց բեկանումը – եթէ անշուշտ պատահած է։  (Ի՜նչ ժողովրդավարութիւն, իշխանութեան թեւերու ի՜նչ բաժանում…)

Կրնանք մինչեւ իսկ կէս-կատակ ըսել, որ նախագահը իրաւասութիւն ունի քուէարկողներուն ձեռքէն խլել թուղթերը եւ ի նպաստ իր անձին քուէարկել։

Իտալական ոճով երգիծանքը շարունակենք։ Նախագահը իրաւասութիւն ունի շինծու ընդդիմութիւն մը ստեղծելու: Փաստը այն է, որ կեղծ ժողովրդավարութիւն մը բեմադրելու համար, հրապարակ նետուած են հինգ-վեց այլ թեկնածուներ, որոնց մասին չ’արժեր ժամանակ մսխել:

Եւ ահա՛, փոխանակ  Հոկտեմբեր 2025-ի Չորեքշաբթի օր մը՝ Ատրպէյճանի նախագահական արտակարգ (եւ արտառոց) ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Չորեքշաբթի, 7 Փետրուարին։

Երկրի սահմանադրութեան 102-րդ յօդուածը կ’ըսէ, թէ Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքը կը տեղեկացնէ սահմանադրական դատարանը, յաջորդող 14 օրերուն:

Արդեօք ո՞վ պիտի սպասէ, կամ հաւատք ու համբերութիւն ունի սպասելու։  Չէ՞ որ արդիւնքը ընտրութենէն շա՜տ առաջ, թուականի ճշդումի պահէն ի վեր յստակ է…

Ընտանեկան տաքուկ միջավայր մըն է Պաքուի պալատը, որուն տանտէրներն են տէր եւ տիկին նախագահ եւ փոխ նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Մեհրիպան Ալիեւան։ Զարմանալի պիտի չըլլայ, որ Փաշինեան Պաքու երթայ՝ շնորհաւորելու համար «խաղաղասէր գործընկերոջ» վերընտրութիւնը: Այլապէս, Ալիեւ կրնայ նախանձիլ Էրտողանի…