Հայաստան–ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին Եւ Անկէ Բխող Պայմանագրին Մասին․ Յայտարարութիւն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութիւնը՝ Հայաստան-ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացքին եւ անկէ բխող պայմանագրին մասին․

Հետեւելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ազրպէյճանի հանրապետութեան միջեւ ընթացող բանակցային գործընթացին, ուսումնասիրելով երկու երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները, կ՛արձանագրենք.

– քննարկուող փաստաթուղթի համաձայնեցման գործընթացին մէջ, ազրպէյճան կը ձգտի «տէ իւրէ» (De Jure) ամրագրել ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկումով իր ձեռք բերածը՝ ցեղասպանական գործողութիւններով գործադրուած էթնիկ զտման միջոցով Արցախի բռնակցումին եւ ՀՀ որոշ տարածքներու բռնագրաւման մասով՝ միաժամանակ պահպանելով Հայաստանէն այլ զիջումներ կորզելու հնարաւորութիւնը.

– ըստ էութեան այսպիսի փաստաթուղթով ազրպէյճանը կը փորձէ փակել Արցախի հարցը: Աւելի՛ն, կը մեծնան սպառնալիքները Հայաստանի նկատմամբ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի ստանար որեւէ յաւելեալ երաշխիք՝ իր անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ փոխադրական ուղիներու ապաշրջափակումը ապահովելու համար, ինչպէս նաեւ չեն ստեղծուիր գործօն մեքանիզմներ, որոնցմով հնարաւոր կը դառնայ կանխել ազրպէյճանի կողմէ յետագայ թշնամական քայլերը՝ ներառեալ ռազմական նախայարձակումը:

Ստեղծուած պայմաններուն մէջ, հաշուի առնելով առկայ իրողութիւնները, ազգային-պետական շահերու պաշտպանութեան հիման վրայ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է ընթանայ առնուազն հետեւեալ սկզբունքներուն համաձայն.

1.վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման նպատակով որպէս նախապայմաններ դիտարկել ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ազրպէյճանական զօրքերու դուրս բերելը, ինչպէս նաեւ բոլոր ռազմագերիներու ու պահուող անձերու վերադարձը, գոյութիւն ունեցող մարդասիրական բնոյթի խնդիրներու լուծումը եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը.

2.մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար, որպէսզի տուեալ պայմանագիրը հանդիսանայ յարաբերութիւններու կարգաւորման ամբողջական փաստաթուղթ, անհրաժեշտ է, որ ան յարգէ կողմերու օրինական շահերը եւ ընդգրկէ լուծումներ՝ համաձայնեցման ենթակայ հարցերու ամբողջ փաթեթով.

3. որեւէ համաձայնութիւն պէտք չէ վտանգէ հայ ժողովուրդի անժամանցելի եւ անօտարելի իրաւունքները։ Պէտք է բացառուին կենսական զիջումները եւ կորուստները՝ յստակօրէն ամրագրելով մեր շահերը գործող ՀՀ սահմանադրաիրաւական եւ միջազգային չափանիշներուն ու դիւանագիտական ընդունուած ընթացակարգին համահունչ.

4․ սահմանազատման եւ սահմանագծման հիմք պէտք է հանդիսանան ազրպէյճանի հանրապետութեան ԱՊՀ անդամակցութեան պահուն (Սեպտեմբեր 24, 1993) գործող փաստացի սահմանները։ Երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատումը եւ սահմանագծումը պէտք է համապատասխանեն միջազգային լաւագոյն նախընթացներուն ու չափանիշներուն եւ պէտք է բխին «ՄԱԿ-ի Միջազգային պայմանագրերու իրաւունքի մասին Վիեննայի համաձայնագրէն» (1969) «Հելսինկիի եզրափակիչ ակտի» (1975) եւ ԵԱՀԿ քարտուղարութեան «Պետական սահմաններու սահմանազատում եւ սահմանագծում, հրատապ հարցեր եւ լուծման ուղիներ» (2017) փաստաթուղթի հայեցակարգային չափանիշներէն, ներառեալ այն սկզբունքէն, որուն համաձայն առ ոչինչ է ուժի սպառնալիքի, կամ զայն կիրարկելու միջոցով ձեռք բերուած որեւէ միջազգային համաձայնութիւն.

5․ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան այլ ուղիներու ամբողջական եւ միաժամանակ ապաշրջափակում, առանց ինքնիշխանութեան որեւէ սահմանափակումի.

6. մինչեւ Արցախի հարցի վերջնական քաղաքական կարգաւորումը եւ Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու լիակատար կիրարկումը, ապահովել արցախահայերու հաւաքական, անխոչընդոտ եւ անվտանգ վերադարձը հայրենիք՝ հիմնուած ցեղական զտման հետեւանքով բռնաճշնումներու ենթարկուած եւ բռնի տեղահանուած անձերու իրաւունքներու լիարժեք յարգման վրայ:

Վերադարձի նախապայման պէտք է դիտարկել.

– Արցախին միջանկեալ կարգավիճակի տրամադրումը՝ ապահովելով արցախահայերու միջազգային չափանիշներով երաշխաւորուած քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքները, իրենց ամբողջ ծաւալով,
– Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան գործօն երաշխիքներու ապահովումը, ներառեալ՝ խաղաղապահ ուժերու տեղադրումը,
– Հայաստանի հետ անխոչընդոտ ցամաքային կապի ապահովումը։

Առանց այս սկզբունքներու պահպանման ստորագրուած որեւէ փաստաթուղթ պիտի չնպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումին, այլ պիտի վաւերացնէ ուժի կամ ուժի սպառնալիքով հարցեր լուծելու նախադէպը։

05 Փետրուար, 2024