40-ը Անց Կանանց Հիանալի Որակները

Այլեւայլ

1. Անոնք կրկին կը հաւատան լաւագոյնին, քանի որ վատագոյնը, իբրեւ կանոն, անոնց հետ արդէն պատահած կ՝ըլլայ։ Եւ անոնք գոյատեւած են անոր համար, որ կրկին հաւատան լաւագոյնին։ Անոնք կը ստանան լաւագոյնը, քանի որ ունակ են ատիկա տեսնելու նոյնիսկ այնտեղ, ուր ուրիշները չեն նկատեր։ Անոնք սուր հայեացք, լաւ լսողութիւն ու նուրբ ձեռքեր ունին։ Ատոր համար ալ այդ լաւագոյնը կարծես կը յորդի դէպի իրենց։
2. Անոնք գեղեցիկ են։ Անոնք ոչ թէ հմայիչ են, այլ զարմանալիօրէն գեղեցիկ, քանի որ ընդունած են իրենց արտաքին տեսքն ու կազմուածքը եւ սորված են իրենց սիրել այնպէս, ինչպէս որ կան, այնպէս սիրել, որ այժմ ով ըսես կրնայ սիրահարուիլ անոր… Անոնք գիտեն այդ գաղտնիքը։
3. Անոնք արդէն յագեցած են միլիոններու, ասպարէզի, յաջողակ ըլլալու ու հասարակական կարգավիճակի մասին հեքիաթներէն։ Անոնք այժմ յստակ գիտեն, որ ամենագլխաւորը բոլորովին ալ այն չէ, ինչ հեռուստացոյցով կը ցուցադրեն, համացանցի վրայ կը գրեն, կը հրապարակեն հասարակական ցանցերու մէջ ու կը պատմեն փորձի ժամանակ։ Անոնք այդ ամենագլխաւորին մասին գիտեն ու կը լռեն։ Այն մասին, որ կեանքին մէջ գլխաւորը կեանքի մէջ ինքը՝ կեանքն է։ Անոր համն ու հոտը, գոյնը, ռիթմը, իւրաքանչիւր օրուան համար ուրախանալու կամ զայն վայելելու ունակութիւնը։
4. Անոնք շատոնց մշակուած արտայայտութիւններ, գայթակղելու ու հիւր երթալու հերթապահ զգեստներ չունին։ Անոնք դադրած են գտնուելու աշխոյժ փնտռտուքի մէջ։ Անոնք գտած են անոր, որ իրենց պէտք եղած է ողջ այս տարիներուն։ Եւ կը պարզուի, որ այդպիսի իրական կանայք, առանց ձեւերու, շատ ու շատ հետաքրքրական են բոլոր շրջապատողներուն ու յատկապէս՝ արժանի տղամարդոց։
5. Անոնք կրկին կրնան աղեկտուր լաց ըլլալ ու լիաթոք ծիծաղիլ։ Անոնք արդէն դուրս եկած են հասարակական բարեկրթութեան, պահանջներու, արգելքներու եւ արտօնութիւններու տարիքէն։ Անոնք կ՝ատեն այն ժամանակը, երբ պէտք էր մէջքը ուղիղ պահել, ինչ ալ որ ըլլար, ժպտալ, երբ կ՝ուզես հեծկլտալ, ու այո ըսել, երբ կ՝ուզես ուժգին ցնցուիլ։ Անոնց արդէն զզուեցուցած է անընդհատ զսպուած ըլլալը։ Անոնք բացած են իրենց թեւերը, ու դէպի ազատութիւն դուրս ելած է կենդանի, զգայական, իրական կինը…
6. Անոնք կ՝ապրին այնպէս, ինչպէս կը շնչեն. մէկ՝ բուռն, մէկ՝ հանդարտ, մէկ՝ քնքուշ ու հազիւ լսելի, մէկ ալ՝ շտապողաբար ու յախուռն… Կը շնչեն կեանքի ռիթմով, կ՝ապրին շունչի ռիթմով։ Վերջապէս, 40-էն ետք անոնց մօտ ատիկա կը սկսի իրականանալ. Ապրիլ կեանքին համընթաց։
7. 40-ը անց կանայք ահաւոր հետաքրքրասէր են։ Այնպէս կը պատահի, որ «այո՛, ես ամէն ինչ գիտեմ»-էն ետք կը սկսի «օ՛, աղջիկներ, շուրջդ ինչքան ետաքրքրական բաներ կան»-ը. Պարեր, եոկա, ծրագրաւորում, ճամբորդութիւններ եւ խոհարարութիւն…Անոնք կեանք կ՝արարեն, եւ անոնց համար ամէն ինչ կ՝իրականանայ։
8. 40-ը անց աղջիկները բոլորովին ալ տարիքով կանայք չեն։ Անոնք երկար կիսաշրջազգեստ կը հագուին, որովհետեւ ատիկա շատ գեղեցիկ է։ Կարճ ալ կը հագուին, ճինզեր ալ, ու նաեւ տարատեսակ զարդեր կը կրեն՝ սկսեալ հայրենական արտադրութեան ձեռքի աշխատանքներէն՝ մինչեւ, ենթադրենք, հնդկական՝ պահոցներու մէջ պահելով թանկարժէք զարդերը։ Չէ՞ որ անոնք արդէն կարիք չունին ապացուցելու, որ իրենք ալ ադամանդներ ունին։ Անոնց համար կարեւոր է գեղեցիկ ու յարմար ըլլալը։ Այդ պարագային անոնք անսահման կանացի տեսք կ՝ունենան։
9. 40-ը անց կանայք կը դադրին հաշուելու ջերմուժը։ Քանի որ սէրը, հետաքրքրութիւնը, շարժումը, ազարտը, ոգեշնչումը աւելի լաւ կ՝աշխատին, քան մարզասրահները կամ գեղագիտական վիրաբոյժները։ Ատոր համար ալ անոնք այդքան գեղեցիկ են։

10. 40-ը անց կանայք գրողի ծոցը կ՝ուղարկեն բոլոր տեսակի ժամանակը ղեկավարողները, ճառերն ու ելոյթները։ Անոնք գիտեն իւրաքանչիւր վայրկեանի գինը, կը հասցնեն ամէնուր, ոչ մէկ տեղ չեն ուշանար, քանի որ ոչ մէկ տեղ կը շտապեն։ Չեն հասնիր, չեն պայքարիր, ձեռք չեն բերեր ամէն գնով։

Անոնք պարզապէս կ՝ապրին։ Եւ հաստատ գիտեն, որ 40 տարի անց ամէն ինչ շատ աւելի հետաքրքրական պիտի ըլլայ…