Թոնիր

Այլեւայլ, Էրկիր, Հայաստան, Սփիւռք

Թոնիրը հայերու կեանքին ու կենցաղին մէջ կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցած է դեռ հեթանոսական ժամանակներէն: Այդ գետնափոր կրակը խորհդանշած է արեւի պաշտամունքը: Թոնիրի օգտագործումը կը հանդիպի շարք մը ժողովուրդներու մօտ, սակայն հայկական թոնիրին առանձնայատկութիւնը անոր գետնափոր ըլլալուն մէջ է: Հաց եւ, մասնաւորապէս, լաւաշ թխելու վայրը կը համարուէր թոնրատունը, ուր կը գտնուէր թոնիրը: Անիկա կը համարուէր սուրբ վայր: Թոնիրը միշտ պէտք էր մաքուր պահել:

Թոնիրին շուրջ կ՝արգիլուէին վատ բառերն ու հայհոյանքները: Թոնիրը ունէր առանցքային նշանակութիւն, քանի որ այնտեղ կը թխուէր ընտանիքի գոյատեւման հիմնական երաշխիքը՝ հացը: Թոնրատունը նոյնպէս կառուցուած է տան ամենակարեւոր, առանցքային մասին մէջ՝ գմբեթաւոր տանիքի եւ երդիկի տակ: Նման կառոյցները կը կոչուէին հազարաշէն:

Հայկական լավաշ / Հազարաշեն

Հազարաշէնը Կարսի մէջ / Լուսանկարը՝ Սամուէլ Կարապետեանի

Առաստաղի նման կառուցուածքն ու երդիկը կ՝օգնէին, որպէսզի ծուխը աւելի դիւրութեամբ դուրս ելլէր թոնիրէն: Թոնիրին մէջ հացէն բացի կը պատրասուէին նաեւ գաթա, ղափամա, հարիսա եւ այլ կերակրատեսակներ: Թոնիրի կրակին շուրջ պատմուած են նաեւ շարք մը հեքիաթներ եւ աւանդազրոյցներ: Հին ժամանակներուն, երբ հաց թխելու արարողութիւնը կ՝աւարտէր, իսկ թոնիրին մէջ դեռ կը պահպանուէր կրակին ջերմութիւնը, տան անդամները կը հաւաքուէին եւ կը նստէին թոնիրին շուրջ՝ ոտքերը կախելով թոնիրին մէջ:

Ասիկա ժողովրդական լեզուով կը կոչուէր «քուրսի նստել», որ նաեւ կը բուժէր հիւանդները: Այդ ընթացքին տան տարիքով ամենամեծը հեքիաթներ եւ տարբեր զրոյցներ կը պատմէր տարիքով աւելի երիտասարդներուն:

Հայկական լավաշ

Հայկական լաւաշ

Թոնիրը այնքան սուրբ վայր կը համարուէր, որ այն բնակավայրերուն մէջ, ուր եկեղեցի չկար, եւ պսակ կատարելու արարողութիւն կ՝ըլլար՝ զոյգերը կըպսակադրուէին թոնիրին շուրջ: Հարսն ու փեսան ձեռք ձեռքի տուած կը դառնային թոնիրին շուրջ: Այս ամէնէն ետք աղջիկը իր հօր տան թոնիրէն բուռ մը մոխիր կը վերցնէր եւ կը բերէր ու կը լեցնէր տղայի տան թոնիրին մէջ: Այսպիսով ան մինչեւ մահ ինքզինք կը կապէր տղայի օճախին հետ:

Թոնիրի առասպելը

Ծաղկունեաց լեռներու Թոնդրակ հրաբխային լեռնազանգուածը կը հանդիսանայ թոնիրի նախատիպը: Թոնդրակը շրջանաձեւ հիմքով, կոնաձեւ գործող հրաբուխ է։ Ըստ աւանդութեան, երբ ժամանակ մը Վահագն աստուածը հայ ռափեաները (հսկայ կանայք եւ տղամարդիկ) կը սորվեցնէր ռազմի արուեստը, անոնք վարժանքներէն ետք կը հաւաքուէին Թոնդրակ հրաբուխի կրակին շուրջ:

Թոնդրակ

Թոնդրակ լեռը

Անոնք կը զրուցէին, հաց կը թխէին եւ կ՝ուտէին: Եւ օր մը Վահագնը Թոնդրակի կրակէն մոխիր կը վերցնէ եւ կու տայ հսկաներուն՝ պատուիրելով զայն տալ մարդոց, որպէսզի անոնք թոնդիր պատրաստեն եւ հաց թխեն, իսկ կանանց ալ կը պատուիրէ, որ թոնիրի կրակը միշտ վառ պահեն: Այս ամէնէն ետք Վահագնը կը բարձրանայ երկինք եւ այնտեղէն կը հսկէ, որ յանկարծ թոնիրի կրակը չհանգչի: Հայերը մինչեւ օրս ալ կը պահպանեն Վահագնի տուած «Վահագնակրակը»:

հայկական լավաշ / թոնիր

Հայկական լաւաշ / թոնիր

Գետնափոր թոնիրին կրակը եւ ծուխը կը հանդիսանան օճախի ամրութեան եւ խաղաղութեան խորհրդանիշերը: Արեւապաշտ հայերը թոնիրը նմանցուցած են մայր մտնող Արեւի: Հայ կանայք, ամէն անգամ հաց թխելու կամ կերակուր պատրաստելու ժամանակ, խոնարհած են անոր առջեւ, իբրեւ աստուածութեան առջեւ:

Նիւթը՝ https://www.armgeo.am/armenian-lavash/ կայքէջէն,

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը