Արցախի Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Հարցերով Յանձնախումբի Կազմը Կ’ընդլայնուի. Յայտարարութիւն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի կազմը կ’ընդլայնուի. Յայտարարութիւն

«Ի լրումն 2024-ի Յունուար 18-ի յայտարարութեան՝ Արցախի հիմնական քաղաքական ուժերուն հետ համագործակցութեամբ ձեւաւորուած Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբը կը յայտնէ, որ յանձնախումբի նախնական կազմին մէջ հետեւեալ անհատներն են․

Վարդան Օսկանեան, ՀՀ արտաքին գործերու նախարար (1998-2008)

Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան

Կարէն Բեքարեան, «Հայեացք» վերլուծական կեդրոնի խորհուրդի նախագահ, Հայաստան

Մարիօ Նալպատեան, Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի անդամ, Արժանթին

Գասպար Կարապետեան, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ, Պելճիքա

Գառնիկ Քրքոնեան, միջազգային իրաւաբան, ԱՄՆ

– Յանձնախումբի կազմը կ’ընդլայնուի՝ ներառելով անհատներ Ռուսիայէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն:

– Յանձնախումբին գլխաւոր խնդիրը պիտի ըլլայ Արցախի ժողովուրդի՝ միջազգային երաշխիքներով հաւաքական հայրենադարձութեան եւ իր հայրենիքին մէջ ապահով, անվտանգ ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի հետապնդումը եւ պաշտպանութիւնը։

– Արցախի ժողովուրդը ցեղասպանութեան սպառնալիքի տակ բռնի տեղահանուած է իր տունէն, հողէն ու հայրենիքէն եւ անոր բնական ու անքակտելի իրաւունքն է անխոչընդոտ վերադառնալ իր բնօրրանը, շարունակել բնականոն ժողովրդավարական կեանքը՝ իր լեզուի, մշակոյթի, հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման, սեփականութեան վերատիրացման, զարգացման եւ կեանքի կազմակերպման՝ միջազգայնօրէն ընդունելի չափանիշներով եւ սկզբունքներով։

– Հակամարտութեան հետեւանքով բռնի տեղահանուածներու՝ իրենց հայրենիք կամաւոր վերադառնալու իրաւունքը ճանչցուած է իբրեւ միջազգային իրաւունքի չափանիշ, որ կը հիմնաւորուի Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրով (Universal Declaration of Human Rights), Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային համաձայնագրով (International Convention on Civil and Political Rights) եւ տարածաշրջանային բազմաթիւ հռչակագրերով:

– Աւելին, 2023-ի Նոյեմբեր 17-ին Արդարադատութեան միջազգային դատարանը (ICJ) վճռած է, որ ազրպէյճանի պանրապետութիւնը պէտք է ապահովէ 2023-ի Սեպտեմբեր 19-էն ետք Լեռնային Ղարաբաղը լքածներու անվտանգ եւ անարգել վերադարձը։

– Յանձնախումբը բազմակողմանի գործունէութիւն պիտի ծաւալէ միջազգային հարթակներու վրայ՝ բարձրաձայնելու, ծանօթացնելու, հիմնաւորելու եւ հետապնդելու Արցախի ժողովուրդին խնդիրները, շահերը եւ իրաւունքները։

– Յանձնախումբը, վերը նշուած նպատակներու կեանքի կոչման համար, մշտական ու հետեւողական աշխատանք պիտի իրականացնէ արցախահայութեան, Հայաստանի հանրութեան ու Սփիւռքի հայրենակիցներուն հետ՝ նպատակ ունենալով ամրապնդնել բոլոր միջոցները, ներառեալ՝ քաղաքացիական հասարակութեան, լրատուամիջոցներու, ակադեմիական եւ փորձագիտական շրջանակներու:

– Յանձնախումբը Արցախի ժողովուրդը պիտի ներկայացնէ պետական եւ քաղաքական մարմիններու առաջ, ինչպէս նաեւ միջազգային ատեաններու, համաժողովներու եւ միջազգային դատարաններու մէջ։

– Կ՝ակնկալենք, որ ՀՀ իշխանութիւնները եւ քաղաքական բոլոր ուժերը աջակցութեան եւ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերեն Յանձնախումբի գործունէութեան: Յանձնախումբը պատրաստ է աշխատելու անխտիր իւրաքանչիւրի եւ բոլորի հետ, որոնք պատրաստ են պատասխանատուութիւն ստանձնելու՝ համապատասխան լիազօրութիւն ստացած այս յանձնախումբին հետապնդած նպատակներուն ծիրէն ներս»:

Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբ