Մանուէլ Պետրոսեան՝ Արագ Ճատրակի Հայաստանի Ախոյեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Այսօր Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ Աշոտ Անաստասեանի յիշատակին նուիրուած Հայաստանի արագ ճատրակի առաջնութիւնը: Այս մասին, ըստ ABCmedia.am-ի, կը յայտնեն Ճատրակի ֆետերասիոնէն:

Գրոսմայսդըրներ Մանուէլ Պետրոսեանը, Շանթ Սարգսեանը եւ Զաւէն Անդրիասեանը 7 հնարաւորէն վաստակեցան 6 միաւոր:

Լրացուցիչ ցուցանիշներով ախոյեան դարձաւ Մանուէլ Պետրոսեան: Մանուէլը իրաւունք ստացաւ մասնակցելու աշխահի արագ ճատրակի առաջնութեան։

Փոխախոյեան դարձաւ Շանթ Սարգսեան, իսկ լաւագոյն եռեակը եզրափակեց Զաւէն Անդրիասեան:

Վահէ Դանիէլեան գրաւեց 4-րդ հորիզոնականը, իսկ Ռոպերթ Յովհաննիսեան՝ 5-րդ:

Վեթերաններուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը ցոյց տուաւ Աշոտ Նադանեանը:

Կանանց մէջ լաւագոյն արդիւնքը ցոյց տուաւ Աննա Խաչատրեանը:

Մինչեւ 16 տարեկան պատանիներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը ցոյց տուաւ Վահէ Սուքիասեանը: