Ուշ Հասկցողներ․․․ Սարգիս Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Եթէ պահիկ մը մոռնանք, լուսանցքի վրայ ձգենք թուրք-ազերիական բարեկամական-թշնամական տրամադրութիւններու մասին ՔՊ-ապետին եւ «ուսապարկերուն» ամէն օր, ամէն ժամ իրենք զիրենք հակասող, զիրար ժխտող յայտարարութիւնները, կեցուածքները, ու կեդրոնանաք վերջին օրերու փուլին վրայ, կը տեսնենք, որ մարդուկները սկսած են աւելի յաճախ խօսիլ Պաքուի – եւ Թուրքիոյ – ոչխաղաղասիրական տրամադրութիւններուն մասին, նոր յանկերգ մը մտած է քաղաքական բեմ (առաւելաբար ներքին սպառումի համար), թէ՝ Ազրպէյճան խաղաղութիւն չ’ուզեր, կը խոչընդոտէ խաղաղութեան ճիգերը, մեր խաղաղասիրութեան եւ անկէ բխող առաջարկներուն՝ կը պատասխանէ ռազմատենչ եւ վտանգալից յայտարարութիւններով, գործերով:

Անկախ թուրք-ազերիական զինավարժութիւններէն ու Պաքուի զէնքի մթերանոցները ուռճացնելէն՝ արձանագրուեցաւ ո՛չ արհամարհելի խորհրդանշական բան մըն ալ: Ալիեւ Էրտողանէն նուէր ստացաւ… կացին մը, յիշեցնելով ու պանծացնելով սաֆարովեան «հերոսութիւնը» (խօսք կայ, որ Արցախի ամբողջութեան բռնագրաւումէն առաջ՝ Բերձորի անցքը մօտաւորապէս տարի մը փակ պահած «կենսոլորտի պաշտպաններ»ը նոր գործի մը կոչուած են. սկսած են բազմացնել գայլերու գորշագոյն սերունդ մը…):

Հակառակ այս իրազեկութեան խաղին, «մենք խաղաղութեան հաւատարիմ ենք»ը կը մնայ ծամոց: Իսկ թէ ո՞ւր պէտք է փնտռել ապուշ մը, որ խաղաղութիւն չի ցանկար՝ բոլորովին այլ հարց է:

Ընդդիմադիր ճակատէն եւ մասնագիտական իրազեկ շրջանակներէ տարիներէ ի վեր հնչած են ու կը հնչեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ թշնամական տրամադրութեանց մասին ահազանգեր, իրարու կը յաջորդեն ՓԱՍՏԵՐ, սակայն իշխանաւորները մի՛շտ ալ արհամարհած են դաժան իրականութիւնները եւ իրենց չնաշխարհիկ երազներու աշխարհին մէջ կը փորձեն պահել բարեմիտ զանգուածը: Հիմա, երբ իրենք ալ որոշ չափով սկսած են ձայնակցիլ վերահաս վտանգին մասին ահազանգողներուն (կարծեմ քիչ մը շատ լաւատես եմ. մարդիկը չեն ահազանգեր, այլ պարզապէս աւելի յաճախ կը կրկնեն իրական մտահոգութիւնը), ստեղծուած է պատկեր մը, որ կը յիշեցնէ բաւական հին անեկդոտ մը:

Մարդ մը կենդանաբանական պարտէզ կ’երթայ ժամանցի համար: Կը տեսնէ, որ կենդանիները գահ-գահ կը խնդան, մէկ քանին՝ գետինը տապլտկելու աստիճան: Կը նկատէ, որ էշը միակն է, որ հանդարտ կանգնած է անժպիտ: Կը հարցնէ, թէ ի՞նչ պատահած է: Անասնապահ մը կը բացատրէ, որ փիղը զուարճալիք մը պատմած է:

Քանի մը օր ետք, մարդը դարձեալ կենդանաբանական պարտէզ կ’երթայ, կը տեսնէ, որ բոլորը հանդարտ նստած են կամ իրարու հետ կը զրուցեն, միայն էշն է որ խնդալէն կը ճաթի, գետինները կը տապլտկի: Մարդը անասնապահին կը հարցնէ, թէ էշը ինչո՞ւ այդքան ուրախ է առանձինն: Բացատրութիւն. «Կը յիշե՞ս, քանի մը օր առաջ փիղը ճոք մը պատմած էր ու բոլորը կը խնդային: Էշը այսօր հասկցաւ այդ ճոքը»…

***

«Առակս ի՞նչ ցուցանէ», պիտի հարցնէր մանկութեանս օրերու մէկ ուսուցիչս: Այն՝ որ ՔՊ-ականները նոր սկսած են հասկնալ այն՝ ինչ որ բանիմաց մարդիկ տարիներէ ի վեր կը կրկնեն ու կը կրկնեն, կը զգուշացնեն Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան սին երազներով տարուելէ, կ’ահազանգեն, թէ համաթուրանական ծրագիրը կը մնայ ի զօրու, թէ՝ Երեւանի վարիչները մասնակից կը դառնան անոր իրականացման, սակայն իշխանականները կը յամառին իրենց «քայլ»-երթին մէջ, «թռի էլ էծ է» տրամաբանութեամբ:

Յիշեալ անեկդոտը պատմելով՝ նպատակ չունինք վարկաբեկելու ոեւէ մէկը, մանաւանդ… էշը, որուն մասին կայ աղուոր խօսք մը, թէ՝ նոյն փոսը երկու անգամ չ’իյնար: Իսկ երբ այս վարչախումբը, իր պետին առաջնորդութեամբ, սովորութիւն դարձուցած է իյնալ նոյն փոսը, ինքզինք խաբելով, թէ փոսը նոյնը չէ, մի՛շտ աւելի խորն է՝ հետեւութիւնը կը վստահիմ ընթերցողիս:

Բուն վտանգը հո՛ն է, որ իրենց «իյնալներ»ը միայն իրենցմով չէ սահմանափակուած, այլ իրենց հետ անյատակ անդունդն ի վար կը տանին հայրենիքն ու ամբողջ ազգը: Ո՞վ է վտանգին ահագնութիւնը տեսնողը, իսկ տեսնողները ո՞ր օրուան կը սպասեն:

Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն ժամ կ’ահագնանայ իշխանափոխութեան պահանջը, որ դարձած է անյետաձգելի հրամայական: Այս «ուշ խնդացող»ներուն հեռացումը պիտի չնշանակէ, որ յաջորդ օրն իսկ փրկութեան նաւը բարձրացած պիտի ըլլանք, այլ անիկա պիտի ըլլայ փրկութեան նաւուն կառուցման առաջին գործնական արարքը: Անկէ անդին, կայ նո՛յնքան երկար ճամբորդութիւն՝ հետզհետէ աւելի՛ փոթորկող ծովերու վրայ: