Ես Չեմ Կրնար Պատկերացնել, որ Արցախը Կրնայ ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Ըլլալ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի խնդիրը մեր ժողովուրդը յուզող ամենակարեւոր հարցն է, եւ այս առումով յստակ է մեր ժողովուրդին վերաբերմունքը, որ ամէն գնով պէտք է պաշտպանել Արցախի ժողովուրդին ազատ, անկախ ապրելու իրաւունքը: Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ․։

«Այդ իմաստով բաւարար չափով աշխատանքներ իրականացուած են եւ մենք լիայոյս ենք, որ այդ ջանքերը պէտք է շարունակուին եւ խնդիրը միջազգային հանրութեան, մեր ժողովուրդի ջանքերուն իբրեւ արդիւնք պիտի ունենայ իր բարուոք կարգաւորումը»,- ըսած է ան:

Անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ մատրիտեան սկզբունքներով Հայաստանը ճանչցած է ԼՂ-ն ազրպէյճանի կազմին մէջ, կաթողիկոսը ըսած է. «Մենք չենք կարծեր, որ նման յայտարարութիւնները տեղին են եւ որեւէ կերպով կրնան նպաստաւոր ըլլալ հարցի կարգաւորման համար: Պէտք չէ շտապել, ընդհակառակը, պէտք է ամէն կերպով պաշտպանել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման, անկախ ապրելու աստուածաշնորհ իրաւունքը»:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ Վեհափառը կը տեսնէ՞ հնարաւորութիւն, որ Արցախը կրնայ չըլլալ ազրպէյճանի կազմին մէջ, Գարեգին Բ․ ըսած է. «Ես չեմ կրնար պատկերացնել, որ Արցախը կրնայ ըլլալ ազրպէյճանի կազմին մէջ: Ատիկա պիտի նշանակէ հայ ժողովուրդի հանդէպ նոր ցեղասպանութիւն մը, ատիկա պիտի նշանակէ հայաթափում Արցախի մեր ժողովուրդի: Մենք ամեն ջանք պէտք է ներդնենք, որ կարենանք միջազգային չափանիշներուն եւ օրէնքներուն ծիրէն ներս ապահովել Արցախի մեր ժողովուրդին անկախ ապրելու իրաւունքը»: