Ադամ Շիֆը ԱՄՆ Ղեկավարութեան Կոչ Ըրած է Աջակցելու Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ-ն պէտք է դադրեցնէ աջակցութիւնը ազրպէյճանի նախագահ ալիեւի վարչակարգին եւ պատասխանատուութեան ենթարկէ զայն պատերազմական յանցագործութիւններուն համար:

ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է ԱՄՆ Քոնկրեսի Հայկական հարցերով խումբի փոխնախագահ Ադամ Շիֆը:

Ադամ Շիֆը շեշտած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ԱՄՆ Քոնկրեսի եւ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ յաղթանակ էր մարդու իրաւունքներու, ճշմարտութեան համար:

«Մենք պէտք է ընենք աւելին, քան խոստանանք, որ երբեք չենք մոռնար: Մենք պէտք է ընենք այնպէս, որ ատիկա երբեք չկրկնուի»,- ըսած է Շիֆը՝ յիշեցնելով Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին կրած սարսափներուն մասին:

«Հայերուն սպառնացող վտանգը չէ վերացած: Հայաստանը այսօր ալ դեռ յարձակման տակ է… Վերջին քանի մը ամիսներուն ազրպէյճանի թշնամանքը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ հասած է իր գագաթնակէտին: Կրնամ ըսել, որ երբեք այնքան մտահոգուած չեմ եղած, որքան այսօր, որ ազրպէյճանը կրնայ եւս մէկ լայնածաւալ պատերազմ նախատեսել Հայաստանի եւ Արցախի դէմ»,- ըսած է Շիֆը՝ յիշատակելով ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին շրջափակումը եւ անոր հետեւանքով ստեղուած մարդկայնական ճգնաժամը:

ԱՄՆ քոնկրեսականը նաեւ նշած է, որ ազրպէյճանի նախագահը ուժեր կուտակած է սահմանին, ինչպէս նաեւ յայտարարած է, որ արցախահայերը չունին այլընտրանք. անոնք կա՛մ պէտք է փախչին, կա՛մ ապրին կեանքին սպառնացող պայմաններու մէջ:

«Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ մարդկութեան դէմ բռնութիւնները եւ յանցագործութիւնները անպատասխան մնան: Անկախ անկէ՝ անոնք տեղի ունեցած են 108 տարի առաջ թէ այս տարի, այս ամիս, այս շաբաթ, մենք պէտք է դադրեցնենք ԱՄՆ աջակցութիւնը ալիեւի վարչակարգին եւ անոր պատասխանատուութեան ենթարկենք պատերազմական յանցագործութիւններուն համար: Մենք պէտք է խիստ պատժամիջոցներ սահմանենք, որպէսզի ան վերաբանայ Բերձորի միջանցքը եւ ազատէ ռազմագերիներն ու քաղաքացիական անձերը: Եւ ես կոչ կ՝ընեմ վարչակազմին եւ Քոնկրեսին՝ աջակցելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին»,- նշած է Ադամ Շիֆ: