Սվազի Մէջ Յայտնաբերուած են Քրիստոնէութեան Ամենանշանաւոր Դէմքերէն Մէկուն՝ Սուրբ Վլասի Հետքերը

Աշխարհ, Էրկիր

Akunq.net

Սվազի մէջ (Սեբաստիա) քրիստոնէութեան նշանաւոր դէմքերէն մէկուն՝ Սուրբ Վլասի դամբարանի գտնուելու տարածքին մէջ՝ կանաչապատման աշխատանքներէն առաջ իրականացուած հնագիտական ​​պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են կարեւոր գտածոներ։

Սվազի Գիոքմեդրեսէ թաղամասին մէջ կրօններու պատմութեան նշանաւոր դէմքերէն մէկուն՝ Սուրբ Վլասի, որուն անունով 1200-ի մօտ եկեղեցի կայ, դամբարանի տարածքին մէջ սկսած հնագիտական ​​պեղումներու առաջին փուլը աւարտած է։ Պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են կարեւոր գտածոներ, որոնք կ՝ապացուցեն, որ Վլասը թաղուած է պեղումների տարածքին մէջ։ Ըստ ձեռք բերուած գտածոներուն՝ կ՝ենթադրուի, որ հասած են այն պատին, որուն հիմքին մէջ, ըստ լուրերու, հռոմէացիներուն ձեռքով նահատակուելէ ետք, թաղուած է Սուրբ Վլասը։

Պեղումներու տարածքին համար պատասխանատու արուեստի պատմութեան մասնագէտ Հուսէյն Չիլը՝ նշելով Սուրբ Վլասի կարեւորութիւնը քրիստոնեաներու եւ կրօններու պատմութեան համար, ըսած է. «Սուրբ Վլասը ծնած է մ․թ․ 280-ականներուն։ Յայտնի է, որ զբաղած է փիլիսոփայութեամբ, իսկ յետոյ հետաքրքրուած է բժշկութեամբ եւ զբաղած՝ անով։ Քրիստոնէութեան տարածմամբ՝ քրիստոնեայ հիւանդները բուժելու ընթացքին՝ ան ազդուած է քրիստոնեաներէն եւ դարձած՝ քրիստոնեայ: Այդ ժամանակուան Կապադովկիոյ կառավարիչը, գերեվարելով զինք, տարած է Սվազ։ Սուրբ Վլասը այստեղ տանջած են, մաշկը՝ բուրդի երկաթէ սանրերով քերթած։ Քրիստոնէութենէն չհրաժարելու պատճառով գլխատած են զինք։ Ան քրիստոնէական աշխարհի համար շատ կարևոր՝ Յիսուս Քրիստոսէն ետք ամենանշանաւոր մարդոցմէ մէկն է։ Եւրոպայի մէջ Սուրբ Վլասի անունով կան հազարաւոր եկեղեցիներ։ Միեւնոյն ժամանակ ան Խորուաթիոյ Տուպրովնիկ քաղաքի հովանաւորն էր։

«Տարածքում մոտ 10 հազար արտեֆակտ ենք հայտնաբերել»

Հուսէյն Չիլը յայտնած է, որ պեղումներուն ընթացքին գտած են մօտ 10 հազար արտեֆակտ, եւ ըսած, որ գտածոներուն մեծ մասը խեցեղէնի կտորներ են։ «Այս նախագիծը սկսած է Սվազի քաղաքապետարանին կողմէ՝ դամբարանը եւ անոր շրջակայքը կարգի բերելու համար: Ծրագիրը սկսելով՝ Թանգարանային վարչութեան եւ Պահպանութեան խորհուրդին միջոցով այստեղ մտադիր էին սկսիլ հորատման աշխատանքներ: Պեղումները սկսած ենք 2021 թ․ Սեպտեմբերին։ Այդ օրէն մինչ այժմ տարածքին մէջ կատարած ենք երեք տարբեր հորատումներ: Հորատումներուն տուեալները ստանալով՝ ընդլայնած ենք պեղումներուն տարածքը եւ աշխատանքներ տարած ամբողջ տարածքը պեղելու ուղղութեամբ: Պեղումներուն իբրեւ արդիւնք այդ տարածքին վրայ յայտնաբերած ենք մօտ 10 հազար արտեֆակտ։ Այս նիւթերուն մեծ մասը խեցեղէնի կտորներ են։ Գտած ենք տարածքի ամենահետաքրքրական գտածոներէն մէկը՝ պրոնզէ հայելիի կտոր մը, որ կ՝անուանենք սելճուկեան հայելի (Թուրքիոյ մէջ ոչ մէկ պեղում առանց «սելճուկեան գտածոյի» չ՝աւարտիր-Ակունքի խմբ․)։ Հայելին կոտրուած վիճակի մէջ էր, փոքր կտոր մը գտած ենք։ Միւս կողմէն յայտնաբերած ենք բուսական եւ պատկերազարդ զարդական ծեփի խմբաքանակ»,- ըսած է ան։

«Ասում են, որ նրան թաղել են Սվասի պարիսպների հիմքում»

Նշելով, որ իրենք գտած են վկայութիւններուն մէջ նշուած չափերու պատը, Չիլ ըսած է. «Այստեղ հնագիտական ​​տուեալներուն մեծ մասը կը կազմեն պատերը։ Ընդհանուր առմամբ յայտնաբերած ենք 22 պատ: Իրարմէ տարբեր եւ անկախ այս պատերը կառուցուած են տարբեր փուլերու եւ ժամանակաշրջաններու մէջ։ Անոնցմէ ոչ մէկը միւսին հետ կապ ունի, անոնք ոչ մէկ տեղ միաձեւ են։ Պատը, որ կը նկարագրենք իբրեւ թիւ մէկ՝ ունի 20 մ․ երկարութիւն եւ 3,5 մ․ հաստութիւն: Այս ծաւալով երբ կը նայինք անոր, այս ժամանակուան համար այս հաստութեամբ պատը հսկայական է: Քանի որ նման հաստութեամբ պատ կարելի էր կառուցել միայն պաշտպանական կառոյցներու մէջ, կը կարծենք, որ անիկա կրնայ պարիսպ ըլլալ։ Անշուշտ, սուրբ Վլասի մահէն ետք անոր թաղման պատմութիւնն ալ ներկայացուած է։ Այս պատմութեան մէջ կ՝ըսուի, թէ «կին մը վերցուցած է Սուրբ Վլասի մարմինը եւ թաղած Սվազի պարիսպներուն տակ», արձանագրութիւնները այսպիսին են։ Եթէ այս պատերը համարենք պարիսպներ, պիտի պարզուի, որ անոնք կը համընկնին Սուրբ Վլասի թաղման պատմութեան հետ, այդպէս կը համարենք։ Մեծ է հաւանականութիւնը, որ այս պարիսպը նոյնպէս մաս կը կազմէր հռոմէական պարիսպի։ Հռոմէական պարիսպի մասին լուրջ տուեալներ չուինք, միայն գիտենք, որ Հուստինիանոս կայսրը 527-562 թթ․ վերանորոգած է պարիսպները։ Բիւզանդա-հռոմէական բնակավայրի գտնուելու վայրին մասին փաստեր չունինք։ Սակայն կարելի է կարծել, որ այս պատին պատճառով բնակավայրը եղած է այս կողմը»։

https://www.memleket.com.tr/hristiyanligin-en-onemli-isimlerinden-aziz-vlasin-sivasta-izlerine-rastlandi-2205831h.htm

Թարգմանեց Տիգրան Չանդոյեան AKUNQ.NET

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

t