Թեհրանի Պահանջատէր Հայ Աշակերտութիւնը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած Նահատակներուն Յիշատակը

Սփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրական ոգիով լիցքաւորուած հայ աշակերտութիւնը, իր բողոքի եւ պահանջատիրութեան ձայնը բարձրացուց ի լուր աշխարհի: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԱԼԻՔ»-էն։

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի մեծարման ձեռնարկներու աշակերտական ծրագրերուն ծիրէն ներս, Ապրիլ 17-ի առաւօտեան, Թեհրանի հայոց դպրոցներու միջնակարգ օղակի աշակերտ-աշակերտուհիները, նաեւ ուրբաթօրեայ դասընթացներու մասնակից դպրոցականները համախմբուած էին «Արարատ» մարզաւանի «Սասունցի Դաւիթ» սրահին մէջ, յարգելու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած նահատակներուն անմեռ յիշատակը:

Թ.Հ.Թ. Կրթական խորհուրդին կողմէ նախաձեռնուած աշակերտական հաւաք-ծաղիկներու մատուցումը իրականացաւ աշակերտ-աշակերտուհիներուն կողմէ ներկայացուած գեղարուեստական-պահանջատիրական ծրագիրին ծիրէն ներս: