Հոգելից Պահեր․ Միհրան Քիւրտօղլեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջի եր­կու օ­րե­րու ըն­թաց­քին հո­գե­լից պա­հեր ապ­րե­ցան ա­նոնք, ո­րոնք ներ­կայ ե­ղան «­Նուռ պանտ» նո­ւա­գա­խում­բի եր­կու ե­լոյթ­նե­րուն:

Ա­ռա­ջի­նը՝ ­Շա­բաթ ե­րե­կոյ եւ մին­չեւ ա­ռա­ւօ­տեան փոքր ժա­մե­րը տե­ւած խրախ­ճանքն էր ­Զա­ւա­րեան ա­կում­բի սրա­հը՝ Հ.Յ.Դ.ի «­Մեր օ­րը» տօ­նող, որ նա­խա­ձեռ­նած էին Ատ­տի­կէի ե­րեք կո­մի­տէ­նե­րը եւ ո­րուն հա­մար ալ ար­դէն ե­ռան­դամ նո­ւա­գա­խում­բը Ա­թէնք ժա­մա­նած էր կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու հրա­ւէ­րով:

­Յե­ղա­փո­խա­կան ե՛ր­գը, մեր եր­գե՛­րը եւ ազ­գադ­րոշմ պա­րե­րը, յատ­կա­պէս՝ ­Քո­ջա­րի՛ն…:

­Կա՞յ ար­դեօք կու­սակ­ցու­թիւն, ինչ­պի­սին ­Դաշ­նակ­ցու­թիւնն է, որ երգ ու­նի եւ ո­րուն եր­գե­րը հո­գի­ներ խռո­վեն, նե­րազ­դեն պա­հին, գե­րիշ­խեն մթնո­լոր­տին վրայ եւ պա­հը ի­տեա­լա­կա­նաց­նեն այն­պէս, որ ամ­բողջ էու­թեամբ կլա­նո­ւիս ու ցնցո­ւիս ա­նոնց­մով եւ զգաս, որ թմրած ջի­ղերդ պրկում­ներ կ­՚ու­նե­նան եւ պա­տա­նիի մը խան­դա­վա­ռու­թեամբ ո­ղո­ղո­ւիս հայ­րե­նա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րով, միա­ժա­մա­նակ դառ­նաս հա­ղոր­դի­չը այդ զգա­ցում­նե­րուն:

­Կա՞յ խորհր­դան­շա­կան այն­պի­սի պար, ինչ­պի­սին մեր քո­ջա­րին է, ո­րու կշռոյ­թով ե­րի­տա­սարդ­ներ ուս-ու­սի ի­րա­րու կռթնե­ցան, ան­քակ­տե­լի մէկ շղթայ կազ­մե­ցին, խրոխտ ու վռա­կան , հա­րո­ւա­ծող ու հաս­տատ քայ­լե­րով տո­ւին պատ­կե­րը ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հի սէգ լեռ­նե­րուն՝ թի­կունք-թի­կուն­քի ի­րա­րու կպած, մէկ ե­ղած…:

«Մ­շակ ­Բա­նո­ւոր» ո­գեր­գի ներ­կա­նե­րու յոտն­կայս խմբեր­գու­մէն եւ օ­րուան պատ­շաճ ու­ղերձ-խօս­քե­րու պաշ­տօ­նա­կան բա­ժի­նէ մը ետք, բե­մը գրա­ւեց նո­ւա­գա­խում­բը եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան ու յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու կա­տա­րում­նե­րով ա­ռա­ջին ժա­մէն մին­չեւ վեր­ջի­նը թնդա­ցուց սրա­հը եւ խրախ­ճան­քը յա­ջո­ղա­պէս դրաւ այն խոր­հուր­դին մէջ, ո­րուն հա­մար որ նա­խա­ձեռ­նո­ւած էր ան:

Օ­րո­ւան այդ խոր­հուր­դին եւ ստեղ­ծո­ւած խան­դա­վա­ռու­թեան մէջ վստա­հա­բար, որ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի պար­տու­թեան եւ վեր­ջին շրջա­նի ­Հա­յաս­տա­նեան տխուր ի­րա­դար­ձու­թեանց պատ­ճա­ռած շո­ւար վի­ճա­կը եւ յու­սա­բե­կու­թիւ­նը թօ­թա­փած պի­տի ըլ­լան ու ի­րենց կեն­սու­նա­կու­թեան պի­տի վե­րա­դառ­նան մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք կը կազ­մէին մեծ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ներ­կա­նե­րուն:

­Սեւ ամ­պե­րը պահ մը կը ծած­կեն երկն­քի պայ­ծա­ռու­թիւ­նը, ա­պա կ­՚ան­հե­տին: ­Նոր ամ­պեր կու գան, բայց ի վեր­ջոյ ա­նոնք ալ կ­’եր­թան: Այն­պէս, ինչ­պէս եր­գիչ­ներ կու գան ու կ­՚եր­թան, բայց ԵՐԳը կը մնայ: ­Պա­րող­նե­րը կը փո­խո­ւին, բայց պա­րը կը մնայ…:

­Նաեւ այն­պէս, ինչ­պէս 132 տա­րի մնաց Հ.Յ.Դ.ը, հա­կա­ռակ ի­րեն ուղ­ղուած մեծ ու փոքր հա­րո­ւած­նե­րուն:

Երկ­րոր­դը՝ ­Կի­րա­կի ե­րե­կոյ, կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի սրա­հը: ­Գե­րա­պայ­ծառ վի­ճա­կա­ւո­րը «­Նուռ պանտ» նո­ւա­գա­խում­բի ներ­կա­յու­թե­նէն օգ­տո­ւե­լով գա­ղա­փա­րը ու­նե­ցած էր յու­նա­հայ գա­ղու­թի հիմ­նադ­րու­թեան 100-ին ա­ռի­թով նո­ւա­գա­հան­դէ­սի մը նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը առ­նել՝ նո­ւի­րուած ­Կո­մի­տա­սի յօ­րի­նում­նե­րուն:

­Դաշ­նա­մու­րի ե­լե­ւէ­ջող հնչիւն­նե­րու ներ­դաշ­նակ կշռոյ­թին մէջ եւ մերթ ջու­թա­կի նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ, կո­մի­տա­սեան մե­լա­նուշ մե­ղե­դի­ներ շուրջ մէ­կու­կէս ժամ ա­ռինք­նե­ցին եւ պա­րու­րե­ցին ներ­կա­նե­րու ողջ էու­թիւ­նը: ­Բո­լո­րո­վին տար­բեր՝ նա­խորդ ե­րե­կո­յէն: ­Պա­կու­ցիչ մթնո­լորտ, բա­ցար­ձակ լուռ սրահ եւ ե­րաժշ­տա­կան ա­րո­ւես­տի կա­տա­րում:

­Հոն, սրա­հին մէջ, տոհ­մա­կան հի՜ն, հե­թա­նո­սա­կան մեր եր­գի ե­ղա­նակ­նե­րուն տրո­ւած կը մտա­ծեմ, թէ մեր պատ­մու­թեան լու­սա­ւոր դէմ­քե­րուն մէջ ե­րեք ա­նուն­ներ կ­՚ա­ռանձ­նա­նան, ո­րոնք ի­րենց գործ­քով ԱՆՁՆԱԳԻՐ տո­ւին մեր ազ­գին: ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց, ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցի, ­Կո­մի­տաս:

Ինք­զին­քիս հարց կու տամ նաեւ, թէ ին­չո՞ւ ար­դեօք մեր ե­կե­ղե­ցին սրբու­թիւ­նը զլա­ցած է ­Կո­մի­տա­սին …: