Արցախը Չի Հրաժարիր Պաքուի Հետ Երկկողմ Յարաբերութիւններուն եւ Հակամարտութեան Կարգաւորման Առնչուող Հարցերու Քննարկումէն, Բայց Միջազգայնօրէն Համաձայնեցուած Ձեւաչափով․ ԱՀ ԱԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման անհրաժեշտ եւ առանցքային բաղադրիչներէն է բանակցային լիարժէք ձեւաչափը եւ այդ ծիրէն ներս ընթացող քննարկումներն ու հանդիպումները։

Այդ ծիրէն ներս կարեւոր կը համարենք ընդգծել, որ Արցախի Հանրապետութեան համար անընդունելի են Ազրպէյճանի փորձերը չեղարկելու Արցախի՝ իբրեւ հակամարտութեան կողմի կարգավիճակը, իսկ բանակցութիւնները ներկայացնել իբրեւ «խօսակցութիւն Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու հետ» եւ Ազրպէյճանի ներքին քաղաքականութեան ծիրէն ներս ինկած գործընթաց։

Արցախի ժողովուրդը քանի մը անգամ արտայայտած է իր դիրքորոշումը սեփական ապագային վերաբերեալ, որ վերահաստատուած է ս․ թ․ Հոկտեմբեր 30-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած բազմահազարանոց հանրահաւաքով։

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը բազմիցս ընդգծած է բանակցութիւններուն Արցախի լիիրաւ մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ԵԱՀԿ ՄԽ ձեւաչափի՝ իբրեւ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար լաւագոյն հարթակի պահպանման կարեւորութիւնը։ Մեր տուեալ դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ:

Միեւնոյն ժամանակ Արցախի Հանրապետութիւնը չի հրաժարիր պաշտօնական Պաքուի հետ երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող հարցերու քննարկումէն։ Սակայն հարկ կը համարենք շեշտել, որ ցանկացած քննարկում ընդունելի պիտի ըլլայ միայն այն պարագային, եթէ ընթանայ միջազգայնօրէն համաձայնեցուած ձեւաչափով եւ կողմերու իրաւահաւասարութեան սկզբունքին պահպանումով։