Հայաստանը Այլեւս Պէտք Չէ Անտեսուի Գինիգէտներու եւ Գինիի Սիրահարներու Կողմէն. Forbes (լուսանկարներ)

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Ամերիկեան նշանաւոր ճամբորդական bloger եւ լրագրող Պրիաննա Ուիլսըն «Forbes» ամսագրի յօդուածով ներկայացուցած է հայկական խոհանոցի մասին իր տպաւորութիւնները։

«Հայկական խոհանոցը կ՝առանձնանայ իր բազմազանութեամբ։ Անիկա ոչ միայն հարուստ է համերով, այլեւ ունի հարուստ պատմութիւն։ Համեստ պարզութեամբ ներկայացուած ճաշատեսակները եւ գինիի աւանդոյթները, որոնք աշխարհի առաջիններէն են, կարելի է հասկնալ միայն երկիր այցելելէ ետք: Ասիկա Հայաստանը կը դարձնէ վայր մը, որ այլեւս պէտք չէ անտեսուի, յատկապէս գինիգէտներու եւ գինիի սիրահարներու ու գիտակներու կողմէն»,- ըստ Panorama.am-ի՝ կը նշուի յօդուածին մէջ։

Բայց հայկական խոհանոցէն ի՞նչը գրաւած է ճանապարհորդին ուշադրութիւնը։ ««Պայթուցիկ համը», որ կը զգաս ամէն պատառէ: Խաշէն մինչեւ հորած պանիր, իւրաքանչիւր նոյնիսկ ամենապարզ կերակրատեսակի ետին որեւ աւանդոյթ կամ պատմութիւն կայ թաքնուած»,- կը գրէ նիւթին հեղինակը։

Անոր խօսքով, Երեւանի տեղական ճաշարաններ եւ սրճարաններ այցելելը մակերեսային պատկերացում կու տայ հայկական խոհանոցին մասին։ Հայկական խոհանոցը ուսումնասիրելու լաւագոյն միջոցը, ըստ անոր, հայ ժողովուրդի ժառանգութիւնն ու աւանդոյթները պահպանող մարդոց հետ շփումն է: