Շուշին Իբրեւ Իսլամական Աշխարհի Մշակութային ու Հոգեւոր Կեդրոն Ներկայացնելու Ազրպէյճանական Նոր Փորձերը. Monumentwatch.org

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող Monumentwatch.org կայքը կը գրէ.

«Հոկտեմբեր 21-ին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է «Թիւրքական պետութիւններու կազմակերպութեան» կրօնական առաջնորդներու երրորդ համաժողովը՝ «Թուրք-իսլամական ժառանգութեան հարստութիւնը եւ անոր նշանակութիւնը ժամանակակից խնդիրներու լուծման ծիրէն ներս» թեմայով, որուն ընթացքին կազմակերպութեան կրօնական առաջնորդները քննարկած են իսլամական կրօնի ամրապնդման, միասնականութեան ու Լեռնային Ղարաբաղի «իսլամական» մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան շարք մը հարցեր։ Համաժողովին ընթացքին շատ գիտնականներ, հասարակական ու կրօնական գործիչներ, իրենց յատուկ հռետորաբանութեամբ, նշած են Ազրպէյճանի կարեւոր դերը իսլամական կրօնի ամրապնդման եւ հանդուրժողականութեան ապահովման գործին մէջ։ Բացի այդ, նախորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 20-ին Շուշիի մէջ, որ գրաւողներու խօսքով Ազրպէյճանի մշակութային մայրաքաղաքն ու իսլամական աշխարհի հոգեւոր կեդրոնն է, կնքուած է «պատմական փաստաթուղթ»։

Աւելցնենք, որ Թիւրքական պետութիւններու կազմակերպութիւնը միջազգային կառոյց է, որ կը միաւորէ ժամանակակից իսլամական պետութիւնները՝ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ համակողմանի համագործակցութեան նպատակով։

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցած Կովկասի մահմետականներու գրասենեակի նախագահ Շէյխ-ուլ-իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան եւ նշած, որ իրենց մզկիթներն ու տաճարները փրկուած են հայկական ստրկութենէն։ Ան հերթական անգամ հնչեցուցած է նենգափոխիչ յայտարութիւններ եւ ներկայացուցած իրականութեան հակասող դատողութիւններ ղարաբաղեան հակամարտութեան խնդրի, ցեղական զտումներու, թուրք-իսլամական մշակութային-հոգեւոր ժառանգութեան ոչնչացման, սրբավայրերու իւրացման, ազրպէյճանական խաղաղասիրութեան եւ հայկական վրէժխնդրութեան վերաբերեալ։ Ա. Փաշազատէն իր ելոյթին մէջ անգամ մեղադրանք հնչեցուցած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հանդէպ եւ նշած, որ եկեղեցին վրէժխնդրութիւն կը սերմանէ, նախանձախնդիր է տարածքային հարցերու մէջ եւ հայ ժողովուրդը կը դրդէ վրէժխնդրութեան. «Հայ եկեղեցին, որ կը փորձէ իրագործել իր յաւակնութիւնները՝ վտանգելով իր ժողովուրդն ու իր պետութեան գոյութիւնը, սուտ խոստումներով նոր աղէտներ ու ողբերգութիւններ կը պատրաստէ իր ժողովուրդին համար»,- ըսած է Ա. Փաշազատէն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը արձագանգած է յիշեալ հրահրիչ յայտարարութեան։

Ելոյթի աւարտին՝ կրօնական գործիչը նշած է Ազրպէյճանի՝ որպէս բազմամշակութայնութեան եւ իսլամական համերաշխութեան գաղափարներու մէջ համաշխարհային զգալի ներդրող պետութիւն ըլլալուն մասին, բացարձակ լռութեան մատնելով Ազրպէյճանի մինչ օրս շարունակուող յարձակման, ռազմատենչութեան եւ հայատեացութեան, ՀՀ ինքնիշխան տարածք ներխուժումներուն, սահմաններուն ամենօրեայ սադրանքներուն, խաղաղ բնակավայրերը գնդակոծելուն, հայ ռազմագերիները ապօրինաբար պահելուն եւ խոշտանգելուն, դաժանօրէն կեանքէ զրկելուն, զոհուածներու մարմինները խեղելուն եւ պղծելուն, Արցախի ժողովուրդի ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքը ոտնահարելուն, հայկական պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը ոչնչացնելուն եւ իւրացնելուն փաստերը, որոնք յստակ եւ հիմնաւոր փաստագրուած են նաեւ միջազգային հանրութեան եւ կառոյցներուն կողմէ։

Իսկ Կրօնական հարցերով Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Ալի Էրպաշը իր խօսքին մէջ կարեւոր համարած է Թուրքիոյ օժանդակութիւնը 44-օրեայ պատերազմին յաղթանակի հասնելու գործին մէջ, եւ զայն դիտարկելու ոչ թէ հայ ժողովուրդը ցեղական զտման ենթարկելու թուրք ցեղասպանական ծրագրին մէկ մասը, այլ իբրեւ երկու ժողովուրդներու միասնականութեան եւ հաւատքի, եղբայրական յարաբերութիւներու ապացոյց։

Համաժողովին ելոյթներ ունեցած են նաեւ Կովկասի մահմետականներու գրասենեակի գլխաւոր քարտուղար Պաղտատ Ամրէեւը, Ուզպեքիստանի մուֆթի Նուրըտտին Խոլիգնազարովը, Ղազախստանի գերագոյն մուֆթի Նաուրիզպայ Թականուլին, Թուրքմենստանի կրօնական գործիչներ Եաուրիզպայ Թականուլին, եւ Թուրքմենստանի այլ կրօնական գործիչներ:

Ինչ կը վերաբերի Հոկտեմբեր 20-ին Շուշիի մէջ կնքուած փաստաթուղթին, նշենք, որ ատով հիմք դրուած է Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան մահմետական վարչութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի ստեղծման։ Թրքական կրօնական ներկայացուցիչները ընդունած են համատեղ յայտարարութիւն եւ ստորագրած կանոնակարգ թրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք հռչակուած Շուշիի մէջ, որ ըստ իրենց, ոչ միայն խորհրդանշական եւ պատմական նշանակութիւն ունի, այլեւ թրաքական պետութիւններու միասնականութեան ընդհանուր համակարգին մէջ ունի առանցքային նշանակութիւն։

Կրօնական առաջնորդներու ստորագրած համաձայնագիրը նաեւ կրօնական ամենատարբեր ծրագրերու զարգացման ուղիներ կ՝առաջարկէ, ի մասնաւորի գիտական եւ կրօնական կեդրոններու համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ ստեղծելու վերաբերեալ։ Ուշագրաւ է, որ համաձայնագրին մէջ կայ մշակութային արժէքներու վերականգնման հարցերու մէջ թուրք գործընկերներու հետ համաձայնութեան մասին մատնանշում, համաձայն որուն հայկական գրաւման ընթացքին վնասուած մահմետական ժառանգութեան վերականգնման ծրագրերուն մէջ պէտք է ապաւինին միասնական օգնութեան։

Համաժողովին մասնակիցները այցին ընթացքին ծանօթացած են Շուշիի պատմական վայրերուն, ինչպէս նաեւ ընթացող վերականգնման եւ շինարարական աշխատանքներուն։ Նշենք, որ հիւրերուն ներկայութեամբ առկայ տեսանիւթերը նկարահանուած են նոյն այն վայրերուն մէջ, ուր ոչնչացուած են Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի «Քանդակներու պուրակ»-ին բոլոր արձանները, ոչնչացուած է Վազգէն Սարգսեանի արձանը եւ այլ մշակութային արժէքներ։

Մեր արձագանգը

2021-2022 թուականներուն գրաւուած Շուշիի մէջ տեղի ունեցած տարբեր բնոյթի համաժողովները, քաղաքի պատմական, մշակութային կերպարը նենգափոխելու եւ գործընթացը միջազգայնօրէն ամրագրելու, քաղաքը միջազգային հանրութեան եւ կազմակերպութիւններուն իբրեւ զուտ ազրպէյճանական ներկայացնելու եւ այդ ամէնը օրինականացնելու նպատակ կը հետապնդեն։

Այս միտումները ակնյայտ ներկայացուած են բոլոր ծրագիրներուն եւ ելոյթներուն մէջ, ուր Շուշին կը ներկայացուի բացառապէս իբրեւ ազրպէյճանական եւ թրքական բնակավայր՝ բացարձակ լռութեան մատնելով Շուշի քաղաքի հայկական մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը, պատմական անցեալն եւ բազմաթիւ յուշարձանները:

Շուշիի եւ Արցախի մէջ բռնագրաւուած մնացեալ տարածքներուն մէջ Ազրպէյճանի կողմէ վարուող բացայայտ հայատեաց մշակութային քաղաքականութեան հէնքին տարաբնոյթ կազմակերպութիւններու, անգամ ազրպէյճանական կողմէն հնչող կեղծ խաղաղասիրական եւ հանդուրժողականութեան կոչերը բացայայտ ծաղր են: Առաւել ցաւալի է, որ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչները, խօսելով տարածաշրջանային երկխօսութեան եւ մշակութային հանդուրժողականութեան մասին, լռութեան կը մատնեն, որ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք՝ Շուշին ենթարկուած է մշակութային ցեղասպանութեան։ Անոր օրինակները բազմաթիւ են՝ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծումը, ապա անոր իրական կերպարին խեղաթիւրումը («ուղղափառացումը») (Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ անօրինական վերականգնումները – Monument Watch), Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցու (Կանաչ ժամ) աւերումը (Ազրպէյճանցիները աւերած են Շուշիի Կանաչ ժամ՝ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ գմբէթն ու զանգակատունը – Monument Watch), Շուշիի գրաւումէն ետք անոր թանգարաններուն եւ ցուցանմուշներուն իւրացումը (Շուշիի երկրաբանական թանգարանի աւերումը – Monument Watch), Շուշիի կերպարուեստի թանգարանի «քանդակներու պուրակ»-ի (Շուշիի կերպարուեստի թանգարանի «Քանդակներու պուրակ»-ի աւերումը – Monument Watch), Շուշիի պատմական գերեզմանոցի, ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի աւերումը (Շուշիում Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի աւերումը – Monument Watch) եւ այլն։

Հայ մշակոյթի կարեւորագոյն կեդրոն հանդիսացող պատմական Շուշի քաղաքին հռչակումը իբրեւ ազրպէյճանական ակնյայտօրէն կ՝ոտնահարէ քաղաքի պատմութեան, վերջինիս իսկութեան եւ ամբողջականութեան հիմնարար սկզբունքները»: