«44-ի Տղերքը». Գիրքը Հոգիի Պարտք է Այն Տղոց, Որոնց Վերջին Լուսանկարողը Ես Էի․ Դաւիթ Թորոսեան (տեսանիւթ)

Հայաստան

Երեւանի մէջ Նոյեմբեր 1-ի երեկոյեան կայացաւ ռազմական լրագրող, «Բանակ ինֆո» կայքի հիմնադիր Դաւիթ Թորոսեանի հեղինակած «44-ի տղերքը» գիրքին շնորհանդէսը։ Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը։

Թորոսեանը պատերազմի ողջ ընթացքին եղած է Արցախի մէջ՝ գնդակոծուող դիրքերուն, ռազմական գործողութիւններուն կեդրոնը, զրուցած զինծառայողներու հետ, լուսանկարած անոնց, նաեւ հասցուցած է անհրաժեշտ օգնութիւն։ Պատերազմի ընթացքին տեսածը, լսածը, լուսանկարածը շարադրած, մշակած, ամփոփած ու յանձնած է թուղթին։

Ձեռնարկը բացուեցաւ տէրունական աղօթքով, որ հնչեցուց ԶՈւ գնդերէց
Տէր Գիւտ քահանայ Գալստեան։

Փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Յովհաննէս Յովհաննիսեան՝ խօսելով գիրքին մասին, նկատեց, որ Դաւիթ Թորոսեանը նախաբանին մէջ կը նշէ՝ հայ զինուորը չէ պարտուած։

«Կարելի չէ չհամաձայնիլ այդ մտքին հետ։ Հայ զինուորը ըրաւ ամէն հնարաւորն ու անհնարինը, հազարաւորները չխնայեցին իրենց կեանքն ու առողջութիւնը յանուն հայրենիքի։ Բանակը չէ պարտուած, ան իր գերագոյն ճիգերով փորձած է շտկել սխալներն ու անգործութիւնը, որոնք կուտակուած են ու կը շարունակուին կուտակուիլ դիւանագիտութեան, տնտեսութեան ու այլ ոլորտներու մէջ թոյլ տուած սխալներուն հետեւանքով»,- ըսաւ Յովհաննիսեան՝ ընդգծելով, պէտք է համարձակութիւն ունենալ ու տէր կանգնիլ պարտութեան, քանի որ անոր համար մեղաւոր ենք բոլորս՝ մտաւորականը, քաղաքական գործիչը, հրամանատարը, պէտք է յիշել, որ պատերազմը չէ աւարտած։

Գիրքին հեղինակը նշեց, որ մեկնարկին չէր ալ պատկերացներ սպասուող աշխատանքին չափազանց ծաւալուն ըլլալը։ Աշխատանքները սկսած են մէկ ու կէս տարի առաջ։

«Գիրքին մէջ տեղ գտած բոլոր լուսանկարներու տէրերուն մասին մանրամասն տեղեկատւութիւն հաւաքուած է, ստուգուած, հաւաստիացած ենք պատմութիւններու ճշմարտացիութեան մէջ։ Ահռելի ու տանջալի աշխատանք էր, երբ յոգնածութիւնը կը թօթափէինք այն տեղեկատւութեամբ, որ լուսանկարին զինծառայողը ողջ է։ Ասիկա հոգիի պարտք է այն տղոց, որոնց վերջին լուսանկարողը, դժբախտաբար, ես եղած եմ։ Գիրքը մեր զոհուած տղոց խնկարկումն է, ողջերուն հանրահռչակման ուղղուած քայլ»,- կ՝ըսէ Դաւիթ Թորոսեան։

Ան տխրութեամբ կը փաստէ, որ շատերս չենք ճանչնար մեր կողքը ապրող այն մարդոց, որոնք արհամարհած են մահը, որոնք յաղթած են մահը, նայած են մահուան աչքերուն ու ժպտացած, մինչդեռ անոնց լուսանկարները, պատմութիւնները պէտք է ներկայացուին ամենուր՝ փողոցը, դպրոցը…​Լուսանկարները նկարած է Դաւիթ Թորոսեանը՝ 2020-ի Սեպտեմբեր 27-էն ի վեր՝ այնտեղ սահմանի վրայ կռիւ տուողներն են՝ կին-տղամարդ, պայմանագրային-ժամկէտային, ահել-ջահել։

Գիրքին մէջ ներկայացուած զինծառայողներէն 25-ը անմահացած են։ Անոնց անունները հնչեցուցին ձեռնարկին ընթացքին։

Թորոսեանը ըսաւ, երբ գիրքը արդէն պատրաստ էր տպագրութեան, պարզուեցաւ ռուս-ուքրանական պատերազմին հետեւանքով Հայաստանի մէջ թուղթի պակաս կայ, յետոյ, Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումը Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ։

«Յետաձգուեցաւ, յետաձգուեցաւ, ու շնորհանդէսը բախտի քմահաճոյքով տեղի ունեցաւ Կովսականի ազատագրման օրը։ Ասիկա շատ խորհրդանշական է, քանի որ իմ առաջին այցը Արցախ՝ տարիներ առաջ՝ եղած է Կովսական»,- ըսաւ Թորոսեան։

Քաղաքական-հասարակական գործիչ Թեւան Պօղոսեան ցանկութիւն յայտնեց, որ Թորոսեանի գիրքը մաշուի մարդոց ձեռքերուն մէջ, ընթերցեն, տեսնեն ու ոգեւորուին տղոց ըրածով։

«Գիրքին մէջ ժպտացող, իրար գրկախառնուած… զինվորները խօսք ունին, որ պէտք է փոխանցել։ Այո, պատերազմը չէ աւարտած, բայց անկէ պէտք չէ վախնալ, այլ պէտք է պատրաստուիլ անոր»,- ըսաւ ան։

ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան, որ պատերազմի ողջ ընթացքին Արցախի մէջ էր,  խոստովանեցաւ՝ զինուած ուժերու, պատերազմի, յարաբերութիւններու, զինուորներու մասին աւելի դիւրին կը գրէ, քան բանաւոր կը խօսի։

«Առաջին անգամ, երբ Դաւիթը գիրքը տուաւ ինծի, ես թերթեցի … Զուգահեռ տարի Եռաբլուր այցելելու հետ։ Գիրքին մէջ ալ մարդիկ են, որոնք ֆիզիքապէս մեզի հետ չեն։ Եռաբլուրի մէջ ալ կը հանդիպիմ մարդոց, որոնց տարբեր տարիներու հանդիպած եմ դիրքերու վրայ, հայրենիքի ամենակարեւոր հատուածներուն մէջ»,-ըսաւ ան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով հեղինակին, որ ներկայացուցած է պատերազմին մէջ գործուած 6սխրանքները։

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ գիրքին մէջ ներկայացուած տղոց հարազատները՝ ծնողները, կանայք, երեխաները։

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով․