Թիֆլիսի Պետական Համալսարանի Հայագիտութեան Բաժինը100 Տարեկան է (լուսանկարներ)

Սփիւռք

Իւանէ Ջաւախիշվիլիի անուան Թիլիսի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի հայագիտութեան բաժինը այսօր դարձաւ 100 տարեկան։ Այս մասին կը գրէ Aliq.ge-ն։

Հայագիտութեան ամպիոնը ԹՊՀ-ի մէջ հիմնուած է 1922 թուականին։ Մինչ այդ՝ համալսարանի հիմնադրման օրէն այս ԲՈՒՀ-ին մէջ դասաւանդուած են շարք մը հայագիտական առարկաներ։

100-ամեակին առիթով համալսարանին մէջ կազմակերպուած էր խորհրդաժողով եւ ցուցահանդէս։

Ցուցահանդեսին ներկայացուած էին հայերէն եւ վրացերէն գիրքեր, ձեռագրեր, ցուցանմուշներ։

Ամպիոնի ուսանողները հնարաւորութիւն ունին ծանօթանալու աշխարհահռչակ հայ, վրացի եւ արտասահմանեան հայագէտներու ուսումնասիրութիւններուն, նաեւ` ուսումնասիրելու հնագոյն ձեռագրեր, որոնք կը պահուին Գորնելի Գեգելիձէի անուան ձեռագրերու ուսումնարանի պահոցներուն մէջ։