Հայ Շախմատիստները Անթալիոյ Մէջ Եւրոպայի Պատանեկան Առաջնութեան Պիտի Մասնակցին

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Նոյեմբեր 5-15 Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ պիտի ընթանայ Եւրոպայի 2022-ի պատանեկան առաջնութիւնը, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանի Հանրապետութեան շախմատիստները։

Հայաստանի Շախմատի ֆետերասիոնէն կը յայտնեն, որ այս օրերուն Ծաղկաձորի մէջ կ՝ընթանր ուսումնամարզական հաւաք, որուն ընթացքին մեր պատանի շախմատիսներուն համար ճատրակի կանոններուն վերաբերեալ կազմակերպուած էր յատուկ սեմինար-դասընթաց, որ կը վարէր միջազգային մրցավար Աշոտ Վարդապետեանը։