Չեմ Բացառեր, որ Իրանը Կրնայ Քայլեր Ընել, Եթէ Ազրպէյճանը Վտանգ Ներկայացնէ Սիւնիքի Համար. Ռոպերթ Բեգլարեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը երկուստեք կ՝ուզեն յարաբերութիւններու առաւել արագ զարգացում արձանագրել ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ տնտեսական, ենթակառուցուածքային եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, ըսած է Իրանի Իսլ. խորհրդարանի պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեան։

«Կարելի է ենթադրել, որ Հայաստանը եւ Իրանը կը փորձեն տեղեակ պահել իրարու ուրիշ երկիրներու հետ իրենց յարաբերութիւններուն մասին եւ այդ տեղեկատւութեամբ՝ իրար սնել։ Ես չեմ բացառեր, որ երկիրները կրնան խօսիլ սպառազինական համատեղ ծրագիրի մասին։ Զարգացումները, ԱԳՆ նախարարի յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ Հայաստանը եւ Իրանը նաեւ անվտանգային առումով թափ կու տան յարաբերութիւններուն»,- նշած է Բեգլարեան։

Պատգամաւորը չէ բացառած, որ Իրանը կրնայ գործուն քայլեր ընել, եթէ վտանգներ նկատէ իր սահմանին հետ կապուած Սիւնիքի նկատմամբ ազրպէյճանական նկրտումներուն հետ. «Թէ ինչ ծաւալի, եւ ինչ ձեւով կրնան ըլլալ անոնք՝ այս պահուն բարդ է կանխատեսելը»։

Անդրադառնալով Իրանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն՝ Բեգլարեան նշած է, որ անոնք աւելի վերահսկելի կը դառնան երկրի կառավարութեան համար։

«Սկզբնական ցոյցերը, իրօք, ինքնաբուխ եղած են, բայց հաշուի առնելով Իրանի քաղաքական դիրքը, աշխարհաքաղաքական ծանրակշիռութիւնը, բնական է, որ նաեւ արտաքին ուժերը կրնան օգտուիլ նման իրադարձութիւններէ, եւ տեղեկութիւնները ալ կը վկայեն ատիկա, որ նման ներգրաւածութիւն թէ՛ մարդոց, թէ՛ զէնքերու տեսքով եղած է»,- ընդգծած է Ռոպերթ Բեգլարեան։