Պաշտօնապէս Հրապարակուած է Սեպտեմբերեան Ռազմական Յարձակման Հետեւանքով Զոհուած 93 Զինծառայողի Անուն

Հայաստան

Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամը Հոկտեմբեր 13-31 նոր հատուցումներ տրամադրած է 102 զոհուած, անյայտ բացակայող ճանչցուած կամ զինհաշմանդամութիւն ձեռք բերած զինծառայողներու դէպքերով, որոնց 93-ը՝ ս․թ․ Սեպտեմբեր 13-ի ազրպէյճանական յարձակման եւ անկէ ետք տեղի ունեցած զարգացումներուն իբրեւ արդիւնք։ Այս մասին կը յայտնեն Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամէն։

Այսպիսով, Նոյեմբեր 2-ի դրութեամբ, ԶԱՀ շահառուներուն ընդհանուր թիւը 4,957 է։

Հիմնադրամը այդ դէպքերուն մասով կատարած է 67․4 միլիառ ՀՀ դրամի հատուցում։ ԶԱՀ շահառուներու ցանկին կրնաք ծանօթանալ կայքով: