Իրադրութիւնը Սահմանագիծի Որոշ Հատուածներու Վրայ Կը Շարունակէ Լարուած Մնալ․ ՊՆ (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան

Ժամը 18։00-ի դրութեամբ՝ իրադրութիւնը հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծի որոշ հատուածներու վրայ կը շարունակէ լարուած մնալ։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ՊՆ-ն։

Թէեւ իրավիճակի կայունացման մասին դեռ կանուխ է խօսիլ, սակայն կէս գիշերէն արձանագրուած հրետակոծութեան անմիջականութիւնը զգալիօրէն տկարացած է։

ԹՇՆԱՄԻ-ն ողջ օրուան ընթացքին կը փորձէ դիրքային յառաջխաղացում ապահովել։ Մասնաւորապէս՝ Ներքին Հանդի, Վերին Շորժայի, Արտանիշի եւ Սոթքի ուղղութեամբ։