Ազրպէյճանի Նոր Պատերազմը Հայաստանի Դէմ. Ի՞նչ Պէտք է Գիտնալ․ Վարուժան Գեղամեան

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի գիշերային լայնածաւալ յարձակումէն անցած է շուրջ 15 ժամ։ Ի՞նչ է անհրաժեշտ գիտնալ այս պահի դրութեամբ։

▪️ Ազրպէյճանը Սեպտեմբեր 13-ի գիշերը սկսած է Հայաստանի դէմ պատերազմի հերթական փուլը։
▪️ Սեպտեմբերեան այս դաւադիր յարձակումը 2020 թ. Սեպտեմբերէն ետք աննախադէպ է իր ծաւալներով եւ նշանակութեամբ, ուստի անիկա միանշանակ կարելի է որակել որպէս ՊԱՏԵՐԱԶՄ (այլ ոչ թէ ուղղակի «սադրանք», «յարձակում», «սահմանային լարում» եւ այլ)։

▪️ Այս պատերազմը Ազրպէյճանը բացէ ի բաց կը վարէ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին։ Ատիկա փաստ է, որուն մասին յայտարարած է թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ՀՀ տէ-ֆաքթօ ղեկավարութիւնը։

▪️ Աւելին, ՀՀ տէ-ֆաքթօ ղեկավարութեան բոլոր գործողութիւնները նոյնինքն պատերազմական տրամաբանութեամբ են (օր.՝ միջազգային կառոյցներուն դիմելը), ուստի առնուազն տարօրինակ է, թէ ինչու չի կիրառուիր «պատերազմ» բառը։

▪️ Ազրպէյճանական յարձակումը կ՝ընթանայ 6 հիմնական ուղղութիւններով. Գեղարքունիքի արեւելքի եւ հիւսիս-արեւելքի մէջ (Վարդենիս, Սոթք, Կութ, Մարտունի, Գեղամասար), Վայոց Ձորի հիւսիսը (Ջերմուկ), Սիւնիքի ռազմաճակատի գրեթէ ողջ երկայնքով (Իշխանասարէն Գորիս եւ մինչեւ Կապան)։ Մարտերը կը շարունակուին գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով։ Ասիկա աննախադէպ մեծ ծաւալ է։

▪️ Ազրպէյճանը կրակի տակ կը պահէ ոչ միայն հայկական պաշտպանական դիրքերը, այլեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները՝ տուներէն մինչեւ շտապ օգնութեան մեքենաներ։ Մենք ունինք առնուազն 49 զոհ, իրականութեան մէջ՝ այդ թիւը աւելին է (այդ մասին կը խոստովանի նաեւ տէ-ֆաքթօ վարչապետը)։

▪️ Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան երեք հիմնական նպատակ կը հետապնդեն այս պատերազմով.

1) ստիպել ՀՀ տէ-ֆաքթօ ղեկավարութեան ստորագրելու Հայաստանի համար կործանարար պայմանագիրը (այսպէս կոչուած «Խաղաղութեան պայմանագիր»),
2) գրաւել ՀՀ-էն նոր տարածքներ, յատկապէս անոնք, որոնք կը գտնուին այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքներ»-ու հատուածին մէջ,
3) ստանալ նոր գերակայ դիրք Հայաստանի մէջ՝ յառաջիկայ հնարաւորութեան պարագային Հայաստանի տարածքին մէջ ալ աւելի խորանալու եւ նոր տարածքներ նուաճելու համար։

▪️ Պատերազմը կը շարունակուի։ Կը շարունակուի մեզի համար կորուստներով, սակայն անիկա հնարաւոր է կանգնեցնել, եթէ ըլլայ բաւարար կամք։ Տէ-ֆաքթօ իշխանութիւնը չունի ատիկա, չունի նաեւ քաղաքական յստակ ծրագիր, գիտելիքներ, հմտութիւն եւ ապավինած է ազրպէյճանցիներու բարեհաճութեան, որ, ինչպէս կը հասկնաք, չկայ եւ պիտի չըլլայ։

Ուստի կը մնայ ձեւաւորել ազգային իշխանութիւն եւ աշխատիլ համազգային զօրաշարժի ուղղութեամբ։ Առանց ատոր նոր տարածքային ու մարդկային կորուստները անխուսափելի են։

Վարուժան Գեղամեան

Պ.Գ.Թ., թուրքագէտ