Ազրպէյճանի Յարձակումը Հայաստանի Դէմ Պետական Մակարդակի Այլատեացութեան Դրսեւորում է․ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կոչ ըրած է Եւրոմիութեան ղեկավարութեան Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի յարձակումը յստակ դատապարտող դիրքորոշում դրսեւորելու։

«Մենք կ՝ակնկալենք, որ դուք ընէք ձեր ուժերուն ներածին չափով հնարաւոր ամէն բան՝ դադրեցնելու ազրպէյճանական յարձակումը, որ Հայաստանի դէմ պետական մակարդակի այլատեացութեան եւ Ազրպէյճանի ծաւալապաշտական քաղաքականութեան յստակ ցուցադրութիւն է։ Մարդկային կեանքը անգնահատելի է՝ ըլլայ այդ Ուքրանիոյ մէջ, թէ՝ Հայաստանի։ Իբրեւ ԵՄ քաղաքացիներ՝ մենք հաւատացած ենք, որ Ալիեւի նման բռնապետը չի կրնար գնել լռութիւնը կամ արժանապատւութիւնը՝ ԵՄ-ին շատ փոքր ծաւալով կազի հաւանական մատակարարման դիմաց»,- այդ մասին կը նշուի ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ։

Գրասենեակէն կոչ ըրած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին, ԵՄ արտաքին գործոց ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորէլին, Եւրայանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լայէնին, Հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Դոյւօ Գլաարին կանգնելու մարդկային կեանքի, արժանապատւութեան կողքին՝ ընդդէմ Ալիեւի մենատիրական վարչաձեւին, որ վտանգի կ՝ենթարկէ ապակայունացնելու ողջ տարածաշրջանը։