Արթուր Ալեքսանեանը՝ Աշխարհի Քառակի Ախոյեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Ողիմպիական խաղերու ոսկիէ, արծաթէ, պրոնզէ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեանը հռչակուեց աշխարհի քառակի ախոյեան: Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ աւարտին հասնող յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան 97 քկ քաշայիններու եզրափակիչ գօտեմարտին գիւմրեցի ըմբիշը չորրորդ անգամ նուաճեց ոսկի մետալ: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։

97 քկ քաշայիններու եզրափակիչ գօտեմարտին ողիմպիական ախոյեանը մրցեցաւ 2018 թուականի աշխարհի փոխ ախոյեան, Եւրոպայի գործող ախոյեան պուլկարացի Գիրիլ Միլովի հետ եւ յաղթեց 5:1 հաշուով:

Աշխարհի քառակի ախոյեանը Հայաստանի եռագոյնով ախոյեանական շրջանը կատարեց հօր՝ Գէորգ Ալեքսանեանի հետ, որ նաեւ անոր անձնական մարզիչն է: