Իզմիրի Ս․Սարգիս Հայկական Եկեղեցին Թուրքերը Արուեստի Կեդրոնի Պիտի Վերածեն

Աշխարհ, Էրկիր

Այժմեան Թուրքիոյ Իզմիր նահանգի Մենեմեն քաղաքին մէջ գտնուող կիսաքանդ հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին պիտի վերանորոգուի եւ օգտագործուի իբրեւ
«Մշակոյթի ու գիտութեան կեդրոն»: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, խօսած է Մենեմենի քաղաքապետի պաշտօնակատար Այտըն Փեհլիվանը։

Փեհլիվանի տեղեկութիւններուն համաձայն, եկեղեցին մինչեւ 1922 օգտագործուած է հայերու կողմէ: Յետագային, եկեղեցին մատնուած է անուշադրութեան, որուն հետեւանքով ալ տարիներու ընթացքին կորսնցուցած է նախկին տեսքը:

«Անհրաժեշտ արտօնութիւնները ստանալէ ետք մենք մրցոյթ յայտարարեցինք: Վերականգնողական աշխատանքներու աւարտէն ետք կը նախատեսենք անիկա ծառայեցնել մեր ժողովուրդին՝ իբրեւ արուեստի ու գիտութեան կեդրոն»,- ըսած է քաղաքապետի պաշտօնակատարը:

Նշենք, որ Մենեմենի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին լքուելէն վերջ՝ թուրքերու կողմէն որոշ ժամանակ օգտագործուած է իբրեւ զինուորական պահեստ, ապա՝ ախոռ