Երկիր…Աղաւնոյին եւ Բերձորին․ Յարութիւն Պէրպէրեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կարեվէր երկիր

սիրելի երկիր

մեր պապենական

կորսուող երկիր

գունաթափ երկիր

փոքրացող երկիր

ուր կամաւոր

երկրի համար

տագնապահար տղաներդ

անփոյթ խժռեցիր

իսկ հաստավիզ

ոստիկաններդ

միշտ ալ

առանց տատամսումի

ըմբոստացող որդինրդ

փորձեցին ճզմել

Անտէր երկիր

օտար տէրերու

հարկատու երկիր

իր հերոսները ուրացող

կամ հալածող

ամորձատուած

իր մարմինէն

իր հողերէն հրաժարող

անդէմ երկիր

իրեն պարգեւուած

անկախութեան

փոքրիկ բախտը

անտեսած մսխած

շփոթած երկիր

Յ․Գ․- Ցաւալի պատահականութեամբ մը, Աղաւնոյի եւ Բերձորի ողբերգական յանձնումը կը զուգադիպի հանճարեղ Դանիէլ Վարուժանի նահատակութեան օրուան: