Արժանավայել Խաղաղութեան Պայմանը․ Տիգրան Ճինպաշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ամառնային արձակուրդը, որուն բարձրակէտը օգոստոս ամիսն է, խաղաղ ու արձակուրդային չանցաւ: Արցախի մէջ նոր տարածքներ յանձնուեցան Ազրպէյճանին, ու քաղաքական պայքարի ասպարէզին մէջ նոր երեւոյթ մը յայտնուեցաւ:

2018-ի իշխանափոխութեան իսկական պատճառը, որ այժմ արդէն արեւի լոյսին պէս յստակ կը շողայ, Արցախէն հրաժարելու ձգտումն էր: Սակայն ապազգային, աւելին` ազգային դաւաճանութեան համազօր առաջադրանքով կարելի չէր իշխանափոխութեան պայքար մղել, նպատակը քողարկուեցաւ աւելի անմեղ, ժողովուրդին սրտին խօսող աւելի արդար, ընկերային ու տնտեսական հաւասարութիւն խոստացող կարգախօսով: Հնարուեցաւ վարչարար-իշխանաւորներու դասակարգ մը, որ իբրեւ թէ անցնող 20 տարիներու ընթացքին կողոպտած էր երկիրը եւ իշխանութիւնը օգտագործած իր սեփական շահին համար: Անշուշտ նախորդ իշխանութիւնները, երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու յաջորդական տասնամեակներուն ընթացքին, կարելի չէ կատարեալ ու անսխալական համարել: Երբե՛ք: Սակայն ինչպէս ֆրանսական առածը կ՛ըսէ` չափազանցութիւնն է, որ կը սպաննէ, չափազանցելով եւ ամէն երեւոյթ բացարձակացնելով, 2018-ի կազմակերպիչները հասան իրենց նպատակին. ծախեցին Արցախը եւ սպաննեցին պետութիւնը:

Պետութեան հիմքը հանդիսացող փաստաթուղթը Հայաստանի խորհրդային հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդին կողմէ մշակուած «Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագիր»-ն է: Տարեդարձը` 23 օգոստոս: Եւ ահա, այս տարեդարձին առիթով, աղտոտած ու ըստ ոմանց յաւիտեան մերժուած «նախկիններէն» անկախ անձնաւորութիւն մը, Հայաստանի Հանրապետութեան պարզ քաղաքացի Էտկար Ղազարեանը հրապարակ ելաւ յիշեցնելու համար «Անկախութեան հռչակագիր-ին մոռցուած սկզբունքները: Էտկար Ղազարեանը տնտեսագէտ է, կառավարման միջոցներու մասնագէտ: Համալսարանի դասախօս: Նախապէս վարած է, ընդմիջումներով, զանազան պաշտօններ, եղած է մարզպետ, դեսպան ու Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի ղեկավար: Կրթուած ու փորձառութեամբ օժտուած անձնաւորութիւն է: Դատելու, օրէնք կիրարկելու, բանակցելու ու ղեկավարելու ատակ անձնաւորութիւն է:

Յիշելով, որ իր հայրը եղած էր «Անկախութեան հռչակագիր»-ը մշակող Գերագոյն խորհուրդի անդամ, Էտկար Ղազարեան միտք յղացաւ այդ Գերագոյն խորհուրդի անդամներով խորհրդանշական նիստ մը կայացնել` Գերագոյն խորհուրդի ժողովասրահին մէջ. ժողովասրահը չտրամադրուեցաւ փուճ պատճառաբանութեամբ: Նիստը փոխադրուեցաւ մօտակայ պանդոկի մը սրահը, որուն սակայն զովացման սարքերը խափանուեցան յանկարծ: Վերջապէս նիստը տեղի ունեցաւ ուրիշ պանդոկի մը սրահին մէջ:

Նոյն օրը, երեկոյեան, Էտկար Ղազարեան հրաւիրած էր հանրահաւաքի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Սա եւս մերժուեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ: Էտկար Ղազարեան դիմեց վարչական դատարան ու շահեցաւ դատը: Հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ կառավարութեան շէնքին հանդիպակաց կողմը գտնուող եւ հրապարակը եզերող նեղ տարածքին մէջ: Հրապարակը բոլոր կողմերէն պաշարուած էր հարիւրաւոր ոստիկաններու կողմէ, որոնք արգելք հանդիսացան մասնակիցներուն հրապարակին վրայ մէկտեղումին:

Էտկար Ղազարեանը ո՛չ հիներէն մէկն է, ո՛չ ալ նորերէն: Ո՛չ սեւ է, ո՛չ ալ ճերմակ: Մեծահարուստ չէ, «օլիկարք» չէ, ազգին ու հայրենիքին ճակատագիրով մտահոգ յանձնառու քաղաքացի է, որ ի տես պետութեան քայքայման առաջնորդող ընթացքին, նախաձեռնութեան մը դիմած է, զգաստացնելու համար վերահաս վտանգը անգիտանալ ձեւացնող հանրութիւն մը, որ թէեւ դժգոհ է տիրող վիճակէն, բայց օրինականութիւն խաղալով, չ՛ուզեր մասնակցիլ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող միջոցառումներուն: Էտկար Ղազարեանի հրաւիրած հանրահաւաքը բազմամարդ չէր, սակայն բարացուցական էր ազնիւ, հայրենասէր, մտահոգ քաղաքացիներու ապրումները բացայայտելու առումով:

Էտկար Ղազարեան դիմեց վարչապետին, որ գայ ու խօսի ժողովուրդին, ինչպէս մօտաւոր անցեալին կը սիրէր կրկնել: Ապա ուզեց ներկայանալ իրեն ու հաւաքուած ժողովուրդին անունով հրաժարականը պահանջել: Բնականաբար, ինչպէս դժուար չէր գուշակել, ո՛չ մէկը տեղի ունեցաւ, ո՛չ ալ միւսը: Վարչապետը լուռ մնաց:

Օգոստոսեան վերջին, թերեւս ալ` ոչ վերջնագոյն, իրողութիւնը բանակային ծառայութենէն խուսափելու համար 24.000.000 դրամ (շուրջ 60.000 ամերիկեան տոլար) փրկագին վճարելու առաջարկի նախագիծն է: Բանակը տկարացնող, ընկերային տեսակէտէն անարդար, բանակային ծառայութիւնը միայն նման միջոցներէ զուրկ խաւին վերապահող նախագիծը պէտք է քննուի Ազգային ժողովի սեպտեմբերեան նստաշրջանին:

«Դիմադրութիւն» շարժումը հրաւիրած է մեծ հանրահաւաքի 2 սեպտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման տարեդարձին: Հանրահաւաք տեղի պիտի ունենայ նաեւ Ստեփանակերտի մէջ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի զանազան համայնքներուն մէջ: Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով հանրահաւաքները կը միտին կոտրել շղթայական զիջումներու ընթացքը եւ պարտուողականութեան դէմ դիմադրութիւն կազմակերպել: Իշխանութիւնը միջոց է, ոչ` նպատակ: Ով կրնայ` թող գայ, միակ պայմանը արժանավայել խաղաղութեան համար պայքարելու պատրաստակամութիւնն է: