35 Քոնկրեսականներ Կը Խոստանան Կասեցնել Թուրքիոյ «F.16»-ներու Արդիականացումը

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ հայկական եւ յունական կազմակերպութիւններու միացեալ ջանքերուն շնորհիւ, Քոնկրեսին մէջ սկսած է աճիլ Միացեալ Նահանգներու անվստահելի դաշնակից Թուրքիոյ «F.16» ռազմական օդանաւերու արդիականացումին աջակցելու՝ նախագահ Պայտընի վարչակազմին որոշումին նկատմամբ ընդդիմութիւնը:

Արդարեւ, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոնի եւ Յոյն-ամերիկեան համախմբումի համաատենապետներ Կաս Պիլիրաքիս ու Քերոլայն Մըլոնի, իրենց ձայները միացնելով յունական ծագում ունեցող քոնկրեսականներ Քրիս Փափասի եւ Տինա Թայթըսի՝ կոչ ըրին քոնկրեսականներուն, որ «F.16»-երու արդիականացումը կասեցնելու նպատակով գրուած եւ նախագահ Պայտընին յղուելիք նամակին տակ ստորագրեն՝ իրենց ընդդիմութիւնը յայտնելու համար այդ նախաձեռնութեան:

Այս կոչին ընդառաջելով, 35 քոնկրեսականներ զօրակցութիւն յայտնեցին այս նախաձեռնութեան։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս քայլը՝ շեշտելով, որ Թուրքիա իր արդիականացուած ռազմական օդանաւերուն թիրախ կրնայ դարձնել շրջանի յոյները, կիպրացիները, քիւրտերը եւ հայերը:

Քոնկրեսականներու ցանկը եւ նամակը կարդալու համար այցելել կայքէջը։