Բացուեցաւ AMAA-ի Ստեփանաւանի Կեդրոնի Նոր Շէնքը

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) Ստեփանաւանի համայնքի եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) աշխատակիցներուն համար կրկնակի տօն էր: ՀԱԵ-ի 175-ամեակը տօնելու համար աշխարհի տարբեր ծագերէն Հայաստան ժամանած բարերարները եւ հիւրերը, ինչպէս նաեւ ՀԱԵի տարբեր համայնքներու հոգեւոր հովիւները 3 Յուլիսիին այստեղ էին՝ AMAA-ի Ստեփանաւանի կեդրոնի նոր շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցելու համար:

Տանտէրները հիւրերը դիմաւորեցին աղուհացով, ապա ելոյթ ունեցաւ ԱՀԱԸ-ի Ստեփանաւանի մասնաճիւղի պարախումբը:

Ներկաները ողջունեց AMAA-ի գործադիր տնօրէն  Զաւէն Խանճեան: «Տալը սիրոյ նշան է, կամաւոր կերպով, սիրով տալը, որուն վարձատրութիւնը ուրախութիւն է, երջանկութիւն: Տալը պէտք է ըլլայ լուռ, առանց թմբուկի՝ Աստուած օրհներգելով, Աստուա՛ծ փառաւորելով եւ ոչ թէ մարդը: Տալու ուրախութիւնը Աստուծոյ գործի քաջալերանքն է, Աւետարանչականի միջոցով կատարուած Աստուծոյ գործը քաջալերելն է: Նուիրատուները միշտ ըսած են, որ «մեր սիրտի փափաքն է Աստուած փառաւորելը: Այս գեղեցիկ շէնքը, զոր այսօր կը նուիրենք եւ կ՛անուանակոչենք պէտք է ծառայէ մանուկներու, երիտասարդներու եւ չափահասներու: Այս գրասենեակը մանուկները պիտի առաջնորդէ դէպի Աստուած», ըսաւ ան:

Խանճեան նաեւ փոխանցեց նուիրատուին հետեւեալ խօսքը. «Ես հպարտ եմ իմ հայկական ծագումով, իմ արմատներով եւ կը գիտակցիմ, որ իմ նախահայրերը շատ հայերու նման անցան դժուար ճանապարհներով, եւ մենք ուրախ ենք, որ յանուն անոնց  յիշատակին՝ կը կատարենք այս նուիրատուութիւնը»:

AMAA-ի նախագահ Նազարէթ ՏարագՃեան իր խօսքը սկսաւ Սաղմոս 127-ով՝ «Եթե Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կ՛աշխատին անոր շինարարները» եւ շարունակեց՝ ըսելով. «Աստուած այս գեղեցիկ առաւօտը մեզի պարգեւեց, եւ մենք առիթ ունինք երկար սպասումէ ետք այցելելու Ստեփանաւան ու մեր աչքերով  տեսնելու այն շէնքը, զոր երկար ժամանակ երազեր ու ծրագրեր  էինք: Այսօր մենք կը նուիրենք այս շէնքը Աստուծոյ փառքին համար, եւ մեր աղօթքն է, որ այս կեդրոնը ըլլայ փարոս եւ հրաւիրէ Աստուծոյ բոլոր զաւակները, որ իրեն մօտենան, սորվին իրար սիրել, ինչպէս որ Աստուած սիրեց ամբողջ աշխարհը, մինչեւ որ իր միածին որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ոք, որ անոր հաւատայ, չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ: AMAA-ի կողմէ կ՛ուզեմ այսօր շնորհաւորել Ստեփանաւան քաղաքի ժողովուրդը՝ այս գեղեցիկ կառոյցին համար: Թող Աստուած այս կեդրոնը օրհնութիւն մը ընէ այս քաղաքին համար: Շնորհակալութիւն այն բոլոր նուիրատուներուն եւ ի մասնաւորի Grille Foundation-ին, որ իրենց նուէրներով կարելի ըրին այս ծրագիրին յաջողութիւնը: Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր անոնց, որոնք քրտնաջան աշխատեցան այս ծրագիրին յաջողութեան համար, ինչպէս՝ Հրաչ Սարգիսին, Զաւէն Խանճեանին, Յարութ Ներսէսեանին եւ Արէն Տէյիրմէնճեանին: Այսօր ուրախ օր է Ստեփանաւանի մէջ եւ կը մաղթեմ, որ ձեր բոլոր օրերը ըլլան ուրախ եւ պայծառ»:

Այնուհետեւ պարոնայք Զաւէն Խանճեան եւ Նազարէթ Տարագճեան, իրենց կողակիցներուն՝ Սոնա Խանճեանի եւ Անի Տարագճեանի հետ՝ կտրեցին մուտքի ժապաւէնը եւ բոլորին հետ շրջայց կատարեցին նոր գրասենեակի շէնքին մէջ:

Նոր գրասենեակի կառուցման հովանաւորներն են՝ Փիթըր եւ Մոնիք Թորինկթընները եւ իրենց ընտանիքը՝ Ամերիկայէն: Այս մասին վկայող  ցուցանակին վրայ, որուն բացումը եւս կատարուեցաւ նոյն օրը, արձանագրուած էր. «Խոնարհ երախտագիտութեամբ առ Աստուած՝ Իր անսասան սիրոյ եւ անսահման օրհնութիւններուն համար, մենք հպարտութեամբ կ՛ընդունինք մեր հայկական ժառանգութիւնը եւ այս կեդրոնը կը նուիրենք մեր նախապապերու՝ Մարտիրոս եւ Աղաւնի Նիկողոսեաններու, մեր պապերու՝ Արմենակ եւ Մաթիլտա Օհանեաններու եւ մեր ծնողներուն՝ Ժիրայր եւ Արսինէ Սուսմայեաններու յիշատակին»:

Գրասենեակի շէնքի բացումէն ետք, ՀԱԵ-ի Ստեփանաւանի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱԵ-ի 175-ամեակին նուիրուած «Ամուր պահենք մեր հաւատքը» խորագրուած փառաբանութեան պաշտամունքը:

* Անդրանիկ Մարտոյեան AMAA-ի Հայաստանի մասնաճիւղի մամուլի բաժինի քարտուղարն է (Արեւելահայերէնէն արեւմտահայերէնի վերածեց Յակոբ Միքայէլեան)