Դրական Մարդիկ Օրական Առնուազն Մէկ Բարի Գործ Կ՝ընեն

Այլեւայլ

Դրական մարդիկ օրական առնուազն մէկ բարի գործ կ՝ընեն. ի՞նչ սովորութիւններ ունին անոնք.

– Անոնք դրական հոգեբանական տրամադրութիւն կը ստեղծեն ու ատով «կը պարուրեն» իրենց շրջապը։ Միշտ ալ դիւրին է ըլլալ վատատես: Սակայն, նման յարաբերութիւններով դիւրին չէ յաջողութեան հասնիլ եւ լաւ հեղինակութիւն ձեռք բերել: Մինչ, դրական տրամադրուածութիւնը զգալիօրէն կը նպաստէ այդ նպատակներուն հասնելուն:

-Անոնք միշտ կը խօսին յարգալից, սիրալիր հնչերանգով։ Նման մարդիկ վստահ են իրենց բոլոր ըսածներուն: Այդ պատճառով ալ անոնց խօսքը հանգիստ ու գիտակցուած է, որ յատուկ հնչերանգ կը հաղորդէ իրենց:

-Անոնք ուշադրութեամբ կը լսեն իրենց զրուցակիցները։ Մեծամիտ եւ դիմացինին որեւէ բան սորվեցնել փորձող շփումը սեփական եսը բաւարարելու հիանալի միջոց է, բայց ատիկա ձախողած ուղի է անոնց համար, որոնք կ՝ուզեն հաճելի թուիլ իրենց զրուցակիցին ու բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատել:

-Անոնք կրնան պահպանել ինքնատիրապետումը որեւէ իրադրութեան ժամանակ։ Չափէն դուրս յուզական արձագանգը` դրական թէ բացասական, մարդու մասին կրնայ վատ տպաւորութիւն ստեղծել: Յիշեցէք, որ յաճախ լռութեամբ առաւել արդիւնաւէտ է զրուցակիցին որեւէ բան ըսել, քան բացասական յոյզերով լի բառերը:

-Անոնք հանգիստ են։ Խօսքերու եւ արարքներու տեղին ըլլալը կարեւորագոյն յատկութիւններէն է, որ մարդիկ կը սիրեն եւ որոնց համար կը յարգեն միւսները:

-Անոնք նախապաշարուած չեն եւ բաց են։ Նոր գաղափարներու համար փակ ու միայն գաղափարակիցներու հետ յարաբերութիւններ պահպանող մարդիկ կը զրկուին ոչ միայն անձնական զարգացումէն, այլեւ մասնագիտական աճի հնարաւորութիւններէն:

– Մարդոց հետ խօսելու ժամանակ անոնք կը ժպտան։ Մարդոց հետ հաղորդակցուելու ամենաարժէքաւոր կէտը ժպիտն է։ 

– Անոնք գիտեն, որ ամենեւին ալ պարտադիր չէ բարձրաձայնել իրենց բոլոր մտքերը։ Նման մարդիկ գիտեն, որ պէտք չէ մարդոց վիրաւորել` իրենց մտքերը արտայայտելով, եթէ նոյնիսկ անոնք ճշմարիտ են:

– Անոնք չեն սիրեր յապաղիլ։ Յապաղումը կը յուշէ, որ դուք կը վախնաք գործելէ: Ասիկա, իր հերթին, ձեր անբաւարար արդիւնաւէտութեան ցուցանիշն է:

– Անոնք օրական առնուազն մէկ բարի գործ կ՝ընեն։ Անոնք միւսներուն կ՝օգնեն ուղղակի` փոխարէնը ոչինչ սպասելով: