«Արցախը Այսօր» Խորագիրով Զեկուցական Հանդիպում Պէյրութի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

30 Յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախը այսօր» ձեռնարկը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Նարէ Գալեմքէրեան, որ անդրադարձաւ նախորդ ամիսներուն ընթացքին յանձնախումբին կազմակերպած աշխատանքներուն եւ անոնց նպատակին:

Յանձնախումբի խօսքէն ետք զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան, որ ներկայացուց Արցախի ընդհանուր կացութիւնը եւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք արցախահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները` ընդգծելով յատկապէս ներկայ վիճակին մէջ Արցախի ժողովուրդին ապրելու եւ գոյատեւելու կամքը:

Սրբազանը հաստատեց, որ ներկայ ժամանակներուն մէջ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար խիստ հրամայականէ միասնական եւ համախմբուած ըլլալը: Արցախի առաջնորդ սրբազանը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց Ս. Էջմիածինի կողմէ գրաւեալ տարածքներուն մէջ գտնուող եւ Ազրպէյճանի կողմէ բնաջնջման գործողութիւններու ենթարկուուղ կրօնամշակութային կոթողներու միջազգայնացման աշխատանքները:

Սրբազան հօր խօսքէն ետք, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը Արցախի հարցին վերաբերեալ:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան զեկուցեց Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի եւ կորուստներու վերականգնման համար Դաշնակցութեան տարած քարոզչաքաղաքական, մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ իրաւական ուղղութեամբ բազմաբնոյթ աշխատանքներուն մասին: Տէր Խաչատուրեան շեշտեց սփիւռքի գործօնի ազդեցութեան կարեւորութիւնը` պաշտպանելու եւ վերականգնելու համար Արցախի բոլոր իրաւունքները: