«Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» Խմբակցութիւններուն Յայտարարութիւնը

Հայաստան

Սիրելի՛ հայրենակիցներ

Ինչպէս արդէն յայտնի է՝ օրուան իշխանութիւնները ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթելեանն ու ԱԺ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վահէ Յակոբեանը պաշտօնանկ ընելու որոշում կայացուցին։

Իրավիճակը անտրամաբանական է՝ հաշուի առնելով, որ ատիկա կը կատարուի առկայ անվտանգային մարտահրաւէրներէն, պատերազմի՝ իրենց իսկ յայտարարած հնարաւոր սպառնալիքէն, Բերձորի խնդիրէն, նոր զիջումներէն, ռազմագերիները մինչ օրս հայրենիք չվերադարձնելու խնդիրէն հանրութիւնը շեղելու համար:

Խորհրդարան երթալու առաջին իսկ օրէն յայտարարած էինք, որ ԱԺ վարչական պաշտօնները մեզի համար ինքնանպատակ չեն, ընդդիմադիր գործունէութեան օժանդակելու գործիք են, որ կը բխի Սահմանադրութենէն ու ժողովուրդի տուած քուէէն:

Փաստ է, որ օրուան իշխանութիւնները երկար ժամանակ է՝ ջրբաժան գծած են Սահմանադրութենէն, Անկախութեան հռչակագիրէն ու օրինականութենէն՝ առհասարակ: Այս եւ ասոր նախորդած վարքագիծը կայուն բռնապետութեան ցուցիչ է, որ աննախադէպ է, միւս կողմէն ալ՝ Հայաստանի մէջ աւելի կը խորանայ քաղաքական ճգնաժամը:

Միջազգային հանրութիւնը, հակառակ փառլամենտարիզմի ակնյայտ նահանջին, յամառօրէն կը փորձէ չնկատել առկայ իրավիճակը, մինչդեռ իշխանութեան այսպիսի վարքագիծին պէտք է հետեւեր կտրուկ եւ անմիջական արձագանգ:

Այս վարքագիծով օրուան իշխանութիւնները մէկ անգամ եւս կը հաստատեն, որ իրենք մտահոգուած են բացառապէս պաշտօններով, զբաղած՝ հետապնդումներով, զուրկ՝ երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները դիմակայելու որեւէ հնարաւորութենէ, չունին օրինականութիւն, չեն ներկայացներ Հայաստանի ու Արցախի շահերը, իսկ այս պայմաններուն մէջ հեռացումը անխուսափելի է։

«Հայաստան» խմբակցութիւն
«Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւն
01. 07. 2022թ.