COAF-ի Դրամահաւաքի Ձեռնակը Արցախի Ի Նպաստ 125,000 Տոլար Գոյացուց

Հայաստան, Սփիւռք

21 Յունիսին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամի (ՔՈԱՖ, COAF) տարեկան 12-րդ ամառնային դրամահաւաքի ձեռնակը, որուն ընթացքին կարելի եղաւ 125,000 միլիոն տոլար գոյացնել՝ ի նպաստ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ մանուկներու եւ ընտանիքներու աջակցութեան կեդրոն մը հաստատելու նախաձեռնութեան:

Այս գումարը պիտի գայ աւելնալու բարերարներ Վիքթոր Ծառուկեանի եւ Ճիւտիթ Սարեանի նախապէս խոստացած 150,000 տոլարին, օժանդակութեան ձեռք երկարելու համար հոգեական եւ ընկերային հարցեր դիմագրաւող արցախցիներուն։

«Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամը առաւել քան 20 նման կեդրոններ հաստատած է Հայաստանի գիւղական շրջաններու մէջ՝ աջակցելեվ հոգեբանական խնամքի կարօտ աւելի քան 6500 մանուկներու։

Նշեալ հաւաքը, որուն մասնակցեցան շուրջ 225 անձեր, առաջին ֆիզիքական հաւաքն էր համաճարակին պատճառով վերջին տարիներուն ջնջուած հաւաքներէն ետք, որոնց փոխարէն առցանց դրամահաւաքներ իրականացուեցան։

Դրամահաւաքին նուէրներ յատկացնելով աջակցեցան «Թաքորի» եւ «ՈւէրԱրմէնիա» հաստատութիւնները, իսկ ներկաները վայելեցին «Սթորիքա»ի նուիրած գինիները։

Ձախէն աջ՝ ՔՈԱՖի վարչութեան անդամ Տիրան Ճէպէճեան, Միլենա Անթոյեան եւ ՔՈԱՖ-ի զարգացման հարցերու վարիչ Հայկ Պոյաճեան

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Արենիէն այս նպատակով ժամանած 20-ամեայ Միլենա Անթոյեան, որ շրջանաւարտ մըն է ՔՈԱՖ-ի շարք մը դաստիրակչական ծրագիրներէն։

2004-էն ի վեր, ՔՈԱՖ-ը աշխատանք կը տանի բարձրացնելու Հայաստանի գիւղաբնակներու կեանքի որակը, համայնքային զարգացման մանկակեդրոն շարք մը ծրագիրներու միջոցով: Ցարդ, կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ համայնքներու համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցներու նորոգութեան ծրագիրներ իրականացուած են Հայաստանի Արմաւիրի, Արագածոտնի, Լոռիի, Գեղարքունիքի, Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերու 64 համայնքներու մէջ. անոնցմէ օգտնուած են առաւել քան 107,000 բնակիչներ: 2015-ին ՔՈԱՖ-ը սկսաւ մշակել եւ արդէն կ՛իրագործէ նոր տեսլական մը՝ ՍՄԱՐԹ նախաձեռնութիւնը, որ կրթութեան միջոցով յառաջխաղացում կ՛ապահովէ Հայաստանի գիւղական շրջաններուն համար: