Խօսքի եւ Մամուլի Ազատութիւնը Մարդկային եւ Քաղաքակրթական Հիմնական Արժէք Է. (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վերջին խօսքը ըսուա՞ծ է: Յոյսը պէտք է անհետանա՞յ: Պարտութիւնը վերջնակա՞ն է: Ո՛չ: Հաւատացէ՛ք ինծի, որ որպէս հարցին գիտակ կը խօսիմ ձեզի եւ կ’ըսեմ, որ ոչինչ կորսուած է Ֆրանսայի համար: Նոյն միջոցները որոնք մեզ պարտութեան մատնեցին կրնան օր մը բերել յաղթանակը:

Զօրավար Շարլ տը Կոլ, 18 յունիսի Կոչը

            Ժողովուրդներու եւ ազգերու յառաջդիմութեան եւ ինքնահաստատման շարժիչ ուժը ազատութիւնն է:

            Առանց խօսքի, մտածումի եւ մամուլի ազատութեան, ընկերութիւնները կը դատապարտուին մենատիրութիւններու ներքեւ ապրելու որպէս տնտեսական եւ (կամ) հոգեւոր ստրուկներ, թերեւս՝ կուշտ: Պատմութիւնը այս մասին կը վկայէ, Հռոմի ստրուկներու ապստամբութենէն մինչեւ նոր ժամանակներու գաղութարարութիւնները եւ ազատագրական շարժումները:

            Խօսքի եւ կարծիքի ազատութեան կամ պէտք է հաւատալ եւ զայն պաշտպանել կամ դառնալ անկամ ոչխարի հօտ: Այնքա՜ն դիպուկ է Ամերիկայի առաջին նախագահ Ճորճ Ուաշինկթընի պարզ արտայայտութիւնը. «Եթէ մեզմէ առնուի արտայայտուելու ազատութիւնը, այն ատեն, համր եւ լուռ, կրնանք ոչխարներու պէս սպանդանոց տարուիլ»: Միթէ՞ այդպէս չեղաւ բոլոր բռնապետութիւններու տակ ապրած ժողովուրդներու վիճակը. ցեղասպանութիւններ, բանտարկութիւններ, ազատութիւնը լռեցնելու համար անհատներու կամ հաւաքականութիւններու սպանութիւններ. կախաղաններ, գնդակահարութիւններ, աքսոր եւ կուլակ:

            Հակառակ պատմական փորձի, ազատութիւնները սահմանափակելու եւ արգիլելու փորձութիւնը միշտ ներկայ է տգիտութեան, շահախնդրութեան, մոլեռանդութեան եւ անհանդուրժողութեան ենթահողի վրայ, անհատներու եւ խմբաւորումներու: Գիտակից եւ արժանապատիւ անձը պէտք է յանձնառութեամբ պաշտպանէ իր տեսակէտները, ընդհանրապէս՝ ԿԱՐԾԻՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆը, որ միշտ ալ ընդհանուր չէ եղած, քանի որ մարդիկ ունակ չեն եղած, եւ չեն, հիմնական արժէքներու տիեզերականութիւնը ըմբռնելու: Հարցը զբաղեցուցած է իմաստասէրները: ԺԸ դարու Էմմանուէլ Քանթի խօսքը եթէ լսած ըլլայինք, եթէ լսենք, ազատութիւնները սահմանափակելու փորձութեան չէինք մատնուիր. «Ըրէ՛ այնպէս, որ քու գործիդ կանոնը կարելի ըլլայ դարձնել, քու կամքովդ, տիեզերական օրէնք, ըրէ՛ այնպէս, որ մարդկութեան վերաբերիս քու եւ ուրիշի համար որպէս նպատակ եւ երբեք միջոց, ըրէ՛ այնպէս, որ եղած ըլլաս օրէնսդիր եւ հպատակ ազատ եւ խոհական կամքերու հանրապետութեան մէջ»:

Տարբեր կարծիք լսել գիտնալ բարոյականութիւն է, առաքինութիւն:

            Մեր ներազգային պառակտուածութիւնը այնպէս է, որ ան յանգած է այլամերժութեան: Այսօր, Հայաստանի ներքաղաքական կացութիւնը յառաջացուցած է իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր կողմեր, փոխադարձ քննադատութիւններ կ’արտայայտուին, անհանդուրժողութեան մթնոլորտ ստեղծուած է:

            Անբնական չէ, սփիւռքն ալ անտարբեր չէ, լաւ է որ անտարբեր չէ, կը նշանակէ որ ինք ալ նաեւ ինքզինք տէր կը զգայ հայրենիքին: Ուրեմն կան կարծիքներ, դատումներ, զորս թշնամութիւն կամ ստրկամտութիւն պէտք չէ համարել: Ինչո՞ւ չընդունիլ, որ տարբեր կարծիքներ կան մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները ըմբռնելու, անոնք գործելու միտումներ են: Ազգային-քաղաքական իրաւ ըմբռնումէ զուրկ մարդիկ միայն կրնան բաւարարուիլ վարդապետն ասացով, magister dixit-ով, զարգացնելով անսխալականութեան նեղմտութիւն: Այս մտայնութեան հետեւանք է պառակտումը:

            Գոյութիւն ունեցող պառակտումը իրողութիւն է: Ո՞վ է ճիշդ, ո՞վ է սխալ, հասկնալու համար պէտք է խօսիլ, վիճարկել, փաստարկել՝ հիմնաւորումներով: Հայաստան պարտուածի դիրքի վրայ է եւ իշխանութիւնները յաղթողին հետ ստիպուած են ըստ այնմ բանակցիլ, գիտնալով հանդերձ, թէ ո՞վ է թշնամին եւ ի՞նչ կ’ուզէ: Ընդդիմութիւնը կը միտի իշխանափոխութեամբ նոր ոճով եւ պայմաններով բանակցիլ: Նաեւ պէտք է խօսիլ այս ըմբռնումով: Խօսիլ ժողովուրդին, բարեկամներու՝ եթէ կան, նաեւ թշնամիին հետ: Առաքինի յաջողած յեղափոխական Նելսըն Մանտելայի խօսքը ուսանելի է: Ան ըսած է. «Ազատամարտիկը բիրտ կերպով կը հասկնայ, որ ճնշողն է որ կը սահմանէ պայքարի բնոյթը, եւ յաճախ ճնշուածին կը մնայ միայն մէկ միջոց՝ գործածել այն եղանակները՝ զորս կը դրսեւորէ ճնշողը»:

            Երբ հարիւրաւորներ կամ հազարաւորներ կը բողոքեն, չեն, լսուիր, անոնց կը հակադրեն ոստիկանական ջոկատներ եւ կը յարուցեն անվերջանալի դատեր, տարբեր կարծիք ունեցողը, վաղ թէ ուշ, կը ստիպուի որդեգրել ճնշողին վարքագիծը: Կուրօրէն քէներ հրահրող պէտք է ըլլալ ճնշուածին արարքը եւ խօսքը թեթեւութեամբ դատապարտելու համար: Յետոյ մարդիկ կը նստին վերլուծելու, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պատահեցան աղէտներ:

            Կա՞յ աշխարհի վրայ ժողովրդավարական երկիր մը, ուր իշխանութիւնը տեւաբար քննադատութեան առարկայ չըլլայ: Ի հարկէ, բերանները կղպուած կ’ըլլան բռնատիրական վարչակարգերու տակ եւ քննադատութիւնները կը ճնշուին: Ինչո՞ւ ժողովրդավարական կարգերու տակ քաղաքացիները միշտ դժգոհութիւն կ’արտայայտեն, ցոյցեր կը կազմակերպեն: Այդ կ’ընեն յաւելեալ ազատութեան, յաւելեալ արդարութեան, յաւելեալ հաւասարութեան եւ յաւելեալ բարօրութեան համար: Նեղմիտ, տգէտ եւ ստրուկի հոգեբանութիւն պէտք է ունենալ չհասկնալու համար այլակարծութիւնը:

            Այսօր ստացայ ֆրանսական իմաստասիրական հանդէս Philosophie Magazine-ը: Կողքին վրայ կային առանձնացուած հետաքրքրական երկու բառեր. ՄՏԱԾԵԼ Ո՛Չ ԸՍԵԼ Է: Երբ թեր եւ դէմ կը խօսինք, կը գրենք, եթէ այդ ընենք ՄՏԱԾԵԼՈՎ, պիտի սկսինք նախ Ո՛Չ ըսելով: Այս կարենալ ընելու համար հաւկուրութենէ պէտք չէ տառապիլ, յաղթահարել ՏԻՐՈՋ ՁԱՅՆը կրկնելու ախտը, չըլլալ հին ձայնասկաւառակներու վրայ շնիկի պատկերին պէս, որուն տակ գրուած կ’ըլլար His master’s voice, թրքերէնն ալ տեսած եմ, Սահապինին սէսի…

            Կարծիքի ազատութեան եւ տարբերութեան համար պայքարիլ իմաստութեամբ ազնուական քաղաքական կեցուածք է: Պայքարիլ որդեգրելով սեւացրէ՛ք ժամանակավրէպ ոճը՝ ընկերային չարիք է, երբ կը դադրինք քննադատութեան տարբեր կարծիք հակադրելէ եւ կը դառնանք զազրախօս, չարախօս, կը խօսինք արծարծուած խնդիրներուն չառնչուող հարցերու մասին: Ընդդիմախօսը միականի կամ կաղ միտքով կրնա՞յ լուսաբանել խօսքի մը թիւրն ու թերին: Այդպէս ընել ամբոխի եւ ամբոխահաճական վերաբերում է:

            Հայաստանի իշխանութիւն-ընդդիմութիւն հակադրութեան հիմնական հարցն է  «Արցախ Ատրպէյճանի կազմի մէջ» ըլլալու կամ չըլլալու խնդիրը: Պարտուած իշխանութիւնը չի խօսիր բանաւոր համաձայնութիւններու մասին, ընդունա՞ծ է որ Արցախը վերջնական կերպով Ատրպէյճան է: Այս զիջողական-պարտուողական ընթացքին Ո՛Չ կ’ըսեն ընդդիմութիւնը եւ Արցախի իշխանութիւնը: Ո՛Չ կ՛ըսէ հայկական Սփիւռքը: Պարտուածի կացութիւնը դժուար է: Ուրիշ ժողովուրդներ ալ գտնուած են նման կացութիւններու մէջ: Միշտ ուսանելի է Բ. Աշխարհամարտին Ֆրանսայի պարտութիւնը եւ գրաւումը: Այն օրերուն ալ գտնուեցան գրաւման ուժերուն գործակցողներ: Բայց մէկ հոգի հանդիսացաւ դիմադրութեան ոգին, ոչ ըսաւ, համախմբեց եւ պայքարեցաւ. ոչ իսկ մեծ զօրավար մը, որ կը կոչուէր Շարլ տը Կոլ: Անոր հռչակաւոր Կոչը, Ո՛Չը, ուսանելի պէտք է ըլլայ բոլոր պարտուածներուն եւ ճնշուածներուն համար, նաեւ՝ մեր ժողովուրդին եւ պետութեան:

            Իւրաքանչիւր գիտակից հայ, որ ինքզինք կը զգայ որպէս հայրենասէր եւ հայրենատէր, կրկին եւ կրկին պէտք է կարդայ տը Կոլի ԿՈՉը եւ ըստ այնմ դիրքորոշուի, կամ վիզը ծուռ ընդունի, պատշաճի, ճապկումներով իշխանութիւն ծափահարէ, այդ համարելով հայրենասիրութիւն, կամ ըսէ՝ Ո՛Չ: Զօր. տը Կոլի խօսքը մեսիանական հզօրութիւն ունի: Հայաստանի ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ան ըլլայ ընդդիմութիւն թէ օրուան իշխանութիւն, յաղթահարելով մանր եսեր եւ հին կոշկոռ կապած քէներ, մի՛շտ ներսը եւ դուրսը, պէտք է լսէ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆը, որ կայ ԿՈՉին մէջ.

«Վերջին խօսքը ըսուա՞ծ է: Յոյսը պէտք է անհետանա՞յ: Պարտութիւնը վերջնակա՞ն է: Ո՛չ: Հաւատացէ՛ք ինծի, որ որպէս հարցին գիտակ կը խօսիմ ձեզի եւ կ’ըսեմ որ ոչինչ կորսուած է Ֆրանսայի համար: Նոյն միջոցները որոնք մեզ պարտութեան մատնեցին կրնան օր մը բերել յաղթանակը»:

Իր իրաւունքին գիտակից, իր պատմութեան եւ ինքնութեան տէր հայը, ո՛ւր որ ալ եւ ինչ դիրքի վրայ ալ գտնուի, պէտք է պատասխանէ հարցումին.

            «Վերջին խօսքը ըսուա՞ծ է: Յոյսը պէ՞տք է անհետանայ»:

            Պատասխանը ընդդիմութիւն-իշխանութիւն բաժանարար գիծն է: Բաժանարար գիծը՝ մեր ամէն բնոյթի վերլուծումներուն եւ շատախօսութիւններուն, յանձնառութիւններուն եւ նահանջներուն:

            Այդ ՅՈՅՍին տիրութիւնը, անոր իրականացման ձգտող յանձնառութիւնը եւ նախաձեռնութիւնները պէտք է ըլլան վստահութեան գլխաւոր ազդակը:

Ամէն բան կորսուա՞ծ է:

            Հետեւիլ անոնց որոնք կ’ուզեն պարտութիւն եւ կորուստ յաղթահարելու եւ  վերականգնելու միջոցները ստեղծել:

             Այս պէտք է ըլլայ, ըլլար, կազմակերպութեան, պայքարի եւ միացման ուղին, որպէսզի տոկանք, տեւենք, հայրենիք չկորսնցնենք, չդառնանք փարիա, մնանք մեր ինքնութեամբ պատմութեան բեմին վրայ:

            Այս ընտրանքը կը շրջանցէ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն անձնականացուող տեղ չհասցնող հակամարտութիւնը:

            Վերականգնելու համար պէտք է կրկնել հարցումը. ԱՄԷՆ ԲԱՆ ԿՈՐՍՈՒԱ՞Ծ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ: