Ակնարկ. Թուրանական Կամուրջի Կասեցումն ու «Ռեւանշիստական» Ուժերը. «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Անգարայէն եւ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները  ապաշրջափակման եւ սահմանազատման-սահմանագծման առումներով որոշ շտապողականութիւն կը մատնեն եւ բնականաբար համակարգուած ըլլալու համոզումը կը փոխանցեն:

Այսպէս. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարելէ ետք, թէ իրենք կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, կը շեշտէր, որ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին կը սպասեն «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման, որ կապ կ՛ապահովէ «Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն» հետ: Չաւուշօղլուն կը վերաշեշտէր, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումը շատ կարեւոր է ամբողջ տարածաշրջանի տեսանկիւնէն:

Շտապողականութիւն կը նկատուի նաեւ Ազրպէյճանի նախագահին կատարած յայտարարութեան մէջ: Այստեղ, ի տարբերութիւն Անգարայի «քաղաքակիրթ» ոճին` տարածաշրջանի ապաշրջափակման կարեւորութիւնը շեշտելու, Պաքուի յայտարարութեան մէջ  կայ սպառնալիք: «Եթէ Հայաստանը սահմաններու որոշման հարցին մէջ կրկին դիմէ իր մարտավարութեան, փորձէ ձգձգել ժամանակը, պիտի զղջայ: Մենք ուշադիր կը հետեւինք վրէժխնդրական (ռեւանշիստական) ուժերու գործողութիւններուն, որոնք կը փորձեն գլուխ բարձրացնել Հայաստանի մէջ»:

Ազրպէյճանական այս յոխորտանքի առաջին բաժինը կը կապուի Անգարայի շտապողականութեան` միջանցք բանալու: Նոյնն է առաջադրանքը: Սահմանազատումն ու սահմանագծումը թուրքեւազրպէյճանական հայեցողութեամբ Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի ցամաքային միացումն է: Երկու ուղղութեամբ կը շարունակեն ճնշել Երեւանի վրայ:

Թուրքեւազրպէյճանական այս շտապողականութիւնը չէզոքացնողը, ըստ Պաքուի (հետեւաբար նաեւ` Անգարայի), ընդդիմութիւնն է: Աւելի յստակ ընկալումով` թուրանական կամրջումը կասեցնողը: Երբ կ՛ըսուի, որ այս գործընթացը ձգձգելու համար Հայաստանը պիտի զղջայ, եւ անմիջապէս կը հիմնաւորուի, թէ Պաքուն մօտէն կը հետեւի վրէժխնդրական ուժերու գործողութիւններուն, պարզապէս պատասխանատուութիւնը կը բարդուի Դիմադրութեան շարժումին վրայ:

Պետականամէտ մտածողութիւնը, եթէ կը նկատէ, որ թուրքեւազրպէյճանական շտապողականութիւնը եւ թուրանական կամուրջի կառուցումը չի բխիր հայկական շահերէն, ապա պիտի համոզուի բողոքի գործողութիւններուն օգտակարութեան: Որքան կայանան այդ գործողութիւնները, որքան զանգուածայնանայ շարժումը, այնքան կը պակսի թուրանական կամուրջի կառուցման հաւանականութիւնը: Այս հասկացողութեամբ պէտք է ընկալել նաեւ Դիմադրութեան շարժումի յայտարարութիւնը, որ միջազգային ընտանիքը համոզուեցաւ, որ ժողովուրդը պատրաստ չէ միակողմանի զիջումներու:

Թուրանական կամուրջի առաջադրանքը ունի նաեւ աշխարհաքաղաքական տարողութիւն: Թուրքիոյ նախագահին բանբերը կը հիմնաւորէր Ռուսիոյ դէմ կիրարկուող պատժամիջոցներուն չմիանալու իր պետութեան կեցուածքը: Պարզ է. Անգարան տակաւին Մոսկուայի հետ համակարգելի խնդիրներ ունի, որոնց շարքին` 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտը` ամէնէն հրատապ կարգով ապաշրջափակումը:

Այս կեցուածքին համահունչ է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը, թէ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահական ձեւաչափը կազմալուծուած է, թէկուզ Ուաշինկթընի եւ Փարիզի ոչ կառուցողական դիրքորոշումներուն պատճառով: Այս ինքնին կը նշանակէ, որ հիմնախնդիրին կարգաւորման համար ըստ էութեան կը գործէ Մոսկուա-Անգարա համաձայնութիւնը:

Լաւրովի յայտարարութեան միջավայրը յատկանշական է անշուշտ. տակաւին պարզ չէ, թէ Մոսկուան թուրքեւազրպէյճանական շտապողականութեան տեղի տալու շարժառիթ ունի՞ թէ՞ ոչ: Անգարան տակաւին սկանտինաւեան երկիրներու` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դէմ վեթոյի խաղաթուղթեր ունի: Մինչ այժմ սակայն չէ ստացած ռուսական համաձայնութիւն` սուրիական տարածքներու վրայ քրտական զինեալ խումբերու դէմ լայնածաւալ գործողութիւններ սանձազերծելու: Ո՛չ ալ իր առաջադրած «միջանցք»-ը բանալու:

Հայ քաղաքական միտքը պիտի մտածէր, որ դիմադրական շարժումի զանգուածայնացումը պիտի նպաստէր այդ կամուրջի կառուցումը արգելակելուն: